Ամերիկաբնակ (արմատներով՝ Լիբանանէն) Սեմ Սիմոնեան ընտրուած է ՀԲԸՄ-ի նախագահ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ կազմակերպութեան հաղորդագրութենէն։ Սիմոնեան պիտի փոխարինէ Պերճ Սեդրակեանը, որ առնուազն քսան տարի կը վարէր ՀԲԸՄ նախագահի պաշտօնը։
Սեմ Սիմոնեանը պաշտօնապէս պիտի ընտրուի ՀԲԸՄ 93-րդ Ընդհանուր ժողովի ժամանակ, որ տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ 2024 թուականի հոկտեմբեր 12-ին։ Պերճ Սեդրակեանը պիտի միանայ Հոգաբարձուներու խորհուրդին:
Սեմ Սիմոնեանը 2000-2019 թուականներուն եղած է ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ներկայիս ՀԲԸՄ Հոգաբարձուներու խորհրդի անդամ է։
Ստեղծարար աշխարհի մէջ իր առանցքային տեղն ու դերն ունեցող Սեմ Սիմոնեանի կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկը կը համարուի «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնի հիմնադրումը՝ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Սեմ Սիմոնեանի կենսագրական հակիրճ տուեալները.-
Ամերիկահայ ելեկտրական ճարտարագէտ եւ ՏՏ (տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ) ձեռներեց, որ նաեւ կրթական բարեգործական ծրագրեր կ՚իրականացնէ Հայաստանի մէջ։ Եղած է ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ, ներկայիս ՀԲԸՄ Հոգաբարձուներու խորհրդի անդամ է։
Ծնած է Լիբանանի մէջ։ Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան միջնակարգ դպրոցին մէջ։ 1975-ին ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն ներս, երբ սկսած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը։ Աւարտելով համալսարանը, 19 տարեկանին տեղափոխուած է ԱՄՆ-ի Թեխաս նահանգի Տալաս քաղաք։ Ուսանած եւ աւարտած է Արլինկթընի Թեխասի համալսարանի ելեկտրական ճարտարագիտութեան բաժինը, ՀԲԸՄ-ի կրթաթոշակի օգնութեամբ։
Համալսարանն աւարտելէ ետք, գործի ընդունուած է «Ելեկտրատիեզերական համակարգեր» ընկերութեան մէջ (Electrospace Systems Inc.)։ 1989 թուականին Սեմ Սիմոնեան դարձաւ Inet Technologies հեռահաղորդակցման ընկերութեան համահիմնադիրը, որ մասնագիտացուած է ցանցերու կառավարման եւ ձեռնարկատիրական գործառնական լուծումներ առաջարկելու մէջ: Անոնց առաջին արտադրութիւնը միջազգային փոխանջատման կեդրոններ ունեցող ընկերութիւններու համար «Թուրպօ-6» անունով համակարգ մըն էր, որ փորձարկեն եւ ախտորոշեն իրենց ցանցերը։ Բոլոր սկզբնական ներդրումները ետ կը սրսկուէին ձեռներեցութեան մէջ ներդրումներով, որ ընկերութիւնը առաւել աճի եւ բարգաւաճի։ 1993 թուականին ընկերութիւնը Տալասի մէջ ամենաարագ աճող մասնաւոր ընկերութիւնն էր, որու եկամուտը կը կազմէր 13 միլիոն տոլար։ 1994 թուականին Inc. Magazine, Ernst & Young եւ Merrill Lynch-ի կողմէ ճանչցուած է տարուան ձեռներեց: 1996 թուականին արտադրուած է անոնց «Սփայտըր» ծրագիրը։
Սիմոնեանը նաեւ ԱՄՆ-ի «Էփիճի Լապս ԷյԷմ» (Epygi Labs AM) ընկերութեան հիմնադիրն է, որ 1997 թուականէն նաեւ մասնաճիւղ ունի Հայաստանի մէջ։
Ան նաեւ 2000-ի մայիսին արժանացած է Ellis Island պատուոյ շքանշանի եւ Հայաստանի Անանիա Շիրակացիի մետալին՝ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի, հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ օտարերկրեայ պետութիւններու բարեկամութեան մեծապէս նպաստելու համար։
Բարեգործական աշխատանքներ կատարած է ՀԲԸՄ-ի մէջ, եւ կը ծառայէ իր կեդրոնական վարչական ժողովին։
Սիմոնեան կրթական հիմնադրամի հիմնադիրներէն է եւ նախագահն է, որու նախաձեռնութեամբ 2011 թուականին Երեւանի մէջ բացուեցաւ Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը։