ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները առաջիկայ օրերուն պիտի աշխատին Սուրիոյ վերաբերեալ յայտարարութեան վրայ, տեղեկացուցած է ԱՄՆ եւ Ռուսիոյ դիւանագէտները՝ զինուած ապստամբներու կողմէ մայրաքաղաք Դամասկոսի գրաւման եւ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալման շուրջ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի դռնփակ հանդիպումէն ետք: Այս մասին յայտնած է Reuters գործակալութիւնը:
«Խորհուրդը, կը կարծեմ, քիչ թէ շատ համախմբուած էր Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ միասնութեան պահպանման, խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութիւնն ապահովելու, կարիքաւոր բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու անհրաժեշտութեան հարցով»,- 15 հոգինոց մարմնի նիստէն ետք լրագրողներուն ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նեպենզիան։
ԱՄՆ փոխդեսպան Ռոպերթ Ուուտը հաստատած է, որ անդամներու մեծ մասը խօսած է այդ հարցերու մասին եւ լրագրողներուն ըսած, որ խորհուրդը պիտի աշխատի յայտարարութեան վրայ: Միացեալ Նահանգները դեկտեմբերին խորհուրդի նախագահն է:
«Սա անհաւանական պահ է սուրիացի ժողովուրդի համար: Այժմ մենք իսկապէս կեդրոնացած ենք՝ փորձելով տեսնել, թէ որ ուղղութեամբ կը զարգանայ իրավիճակը: Կրնա՞յ Սուրիոյ մէջ ըլլալ իշխանութիւն, որ յարգէ Սուրիոյ բնակչութեան իրաւունքներն ու արժանապատւութիւնը»,- ըսած է Ուուտը:
ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպան Քուսայ Ալտահհաքը նիստէն դուրս լրագրողներուն ըսած է, որ իր առաքելութիւնը եւ արտերկրի մէջ Սուրիոյ բոլոր դեսպանատուները հրահանգներ ստացած են շարունակելու իրենց աշխատանքը եւ պահպանելու պետական հաստատութիւնը անցումային շրջանին:
«Այժմ մենք կը սպասենք նոր կառավարութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ մենք կը շարունակենք ներկայիս կառավարութեան եւ ղեկավարութեան հետ»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Ասատի կողմէ նշանակուած Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Պասամ Սապպաղը դեռ Դամասկոսի մէջ է։
«Մենք սուրիացի ժողովուրդի կողքին ենք: Մենք պիտի շարունակենք պաշտպանել եւ աշխատիլ սուրիացի ժողովուրդի համար: Այսպիսով, մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը մինչեւ հետագայ ծանուցումը: Սուրիացիներն անհամբեր կը սպասեն ազատութեան, իրաւահաւասարութեան, օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարական պետութեան հաստատման, եւ մենք պիտի միաւորենք ջանքերը՝ վերականգնելու մեր երկիրը, վերականգնելու այն, ինչ աւերուած է, եւ վերականգնելու Սուրիոյ ապագան, աւելի լաւ ապագան»,-ըսած է ան։
ՄԱԿ-ի մէջ Չինաստանի դեսպան Ֆու Քոնկը խորհուրդի նիստէն ետք ըսած է, որ «իրավիճակը պէտք է կայունացուի եւ պէտք է ըլլայ ներառական քաղաքական գործընթաց, ինչպէս նաեւ պէտք չէ ըլլայ ահաբեկչական ուժերու վերածնունդ»:
Ապստամբներու յարձակումը, որու հետեւանքով տապալած է Ասատը, նախաձեռնած էր «Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ» խմբաւորումը : Նախապէս այն յայտնի էր որպէս Ալ Քաիտա ահաբեկչական խմբաւորման պաշտօնական թեւը Սուրիոյ մէջ՝ մինչեւ 2016 թուականին յարաբերութիւններու խզումը: Դիւանագէտները յայտնած են, որ «Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ» -ը պատժամիջոցներու ցուցակէն հանելու վերաբերեալ որեւէ քննարկում չէ եղած։