Ամերիկահայ լրագրող Յարութ Սասունեան այսօր խօսած է «Ազատութիւն» ռատիոկայաէն եւ այլ խնդիրներու կողքին անդրադարձած է իր անունով շրջան ըրած ՀՀ առաջին նախագահին մասին եղած խօսքերու թեմային: Ան ըսած է, որ Տէր-Պետրոսեանի Ամերիկայի մէջ ունեցած վիրաբուժութիւնէն անմիջապէս ետք հեռախօսազրոյց ունեցած է առաջին նախագահին հետ ու առողջութիւն մաղթած անոր: Սասունեան նաեւ ըսած է, որ ինք ոչ մէկ ժխտական արտայայտութիւն ունեցած է Լ.Տէր-Պետրոսեանի հասցէին, կապուած վերջինիս ԱՄՆ-ի մէջ բուժում ստանալու հարցին: Սասունեան վստահեցուցած է, որ բարեկամական կապեր ունի Տէր-Պետրոսեանին հետ, նկատել տալով, որ իր անունով շրջանառութեան մէջ եղած բոլոր խօսքերը բամբասանքի արդիւնք են: