Մենք շատ զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը նայինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած համաձայնագրին՝ յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը: Անոր խօսքով՝ Մոսկուան կ՚ուզէ, որ այդ համաձայնագիրն ուժի մէջ մտնէ. այդ կարեւոր ներդրում պիտի ըլլայ եւրասիական տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման առումով։
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի առեւտուրը զգալիօրէն կրճատուած է:
«Կը սպասուի, որ տարեվերջին այն նախորդ տարուան համեմատ կրճատուի կրկնակի: Եթէ նախորդ տարի այն կը կազմէր 12,4 միլիառ տոլար, ապա այս տարի այն պիտի ըլլայ վեց միլիառի շուրջերը, թերեւս, քիչ մը աւելի»,-ըսած է Օվերչուքը: