Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպաններ Գուրգէն Արսէնեանն ու Քազեմ Ճալալին քննարկած են Երեւանի եւ Թեհրանի միջեւ յարաբերութիւնները։
Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
«Կողմերը ջերմ մթնոլորտի մէջ քննարկած են հարցերու լայն շրջանակ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի եւ Իրանի երկկողմ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման հնարաւորութիւններուն եւ հեռանկարներուն»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։