Ռուսիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչներն աւարտած են համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագրի նախապատրաստումը. «պատմական ստորագրումը» տեղի պիտի ունենայ շուտով։ Այս մասին, ինչպէս գրած է iz.ru-ն, երեքշաբթի յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն։
«Երկու երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւններու իրաւական եւ տարածքային գերատեսչութիւններու փորձագէտներու շատ արդիւնաւէտ խորհրդակցութիւններու ընթացքին, որոնք տեղի ունեցած են Մոսկուայի մէջ յունիս 21-ին, հնարաւոր եղաւ վերջնական տեսքի բերել համաձայնագրի բնագիրը»,-ըսած է դիւանագէտը։
Փոխնախարարը աւելցուցած է, որ խորհրդակցութիւններէն ետք պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են ամենաբարձր մակարդակով ամենասերտ երկկողմ շփումներէն մէկու շրջածիրէն ներս համաձայնագրի ստորագրումը նախապատրաստելու ներքին ընթացակարգեր սկսելու վերաբերեալ։
«Մենք յոյսով ենք, որ մօտ ապագային ականատես կ՚ըլլանք այս իսկապէս պատմական իրադարձութեան», - եզրափակած է Ռուտենքօն:
Աւելի վաղ՝ յուլիս 16-ին, Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրով Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի-Քանիի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկած էր տնտեսական ու տարածաշրջանային հարցեր։ Հաստատուած էր երկու երկիրներու մտադրութիւնը՝ աւելի ամրապնդել յարաբերութիւններու ողջ շրջանակը՝ հասնելով համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան որակապէս նոր մակարդակի։