Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի Արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով քառակողմ խորհրդակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ Մոսկուայի մէջ ապրիլի սկիզբը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»ին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի տեղակալ Միխայիլ Պոկտանովը։
«Կը պատրաստենք։ Շուտով...Կը կարծեմ` ապրիլի սկիզբը։ Մոսկուայի մէջ: Խորհրդակցութիւններ կը կատարուին նախարարներու հանդիպման նախապատրաստման համար»,-ըսած է Պոկտանով` պատասխանելով այն հարցին, թէ երբ կրնան տեղի ունենալ Արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով քառակողմ խորհրդակցութիւնները Ռուսիա-Թուրքիա-Սուրիա-Իրան ձեւաչափով։
Դեկտեմբերին Ռուսիոյ մէջ կայացած են վերջին 11 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարներու առաջին բանակցութիւնները: 2011-ին Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ սկսաւ։ Թուրքիան, որ մինչ այդ հակամարտութիւնը սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանէր Դամասկոսի հետ, հանդէս եկած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հակառակորդներու կողմէ:
Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ տարաձայնութիւնները լուծելու համար կը նախատեսուէր Ռուսիոյ, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Յունուարին Անգարան կ'ենթադրէր, որ նման հանդիպում կրնայ տեղի ունենալ փետրուարի սկիզբը։ Աւելի ուշ Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանը հնարաւոր համարեց, որ Իրանը կրնայ միանալ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ` բարձր մակարդակով ծրագրուող բանակցութիւններուն: