Ռուսիոյ զինուած ուժերը յայտարարած է «Բուրեվեստնիկ» միջուկային հրթիռի փորձարկման մասին: Նախագահ Փութին այն «յաջողած» անուանած է եւ ըսած, որ աշխարհի մէջ նման եզակի զէնք ոչ ոք ունի:
«Բուրեվեստնիկ» բարձր ճշգրտութեան թեւաւոր հրթիռները աշխարհի իւրաքանչիւր վայր (ինչպէս մակերեւութային կրիչներու, այնպէս ալ շարժական ցամաքային կայանքներու վրայ) տեղակայելու հնարաւորութիւնը կը պաշտպանէ ինչպէս Ռուսիոյ, այնպէս ալ անոր արտասահմանեան գործընկերներու ինքնիշխանութիւնը,- ըսած է Ռուսիոյ ազգային տնտեսութեան եւ պետական կառավարման նախագահական ակադեմիոյ (RANEPA) իրաւունքի եւ ազգային անվտանգութեան հիմնարկի ռազմական փորձագէտ Ալեքսանդր Ստեփանովը։
22 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է «Բուրեվեստնիկ» միջուկային հրթիռի փորձարկում: Կը հաղորդուի, որ հրթիռը օդին մէջ մնացած է մօտ 15 ժամ եւ անցած՝ 14,000 քիլոմեթր հեռաւորութիւն, կը նշուի, որ այդ մէկը սահմանը չէ:
Հրթիռի մշակումը սկսած է, երբ ԱՄՆ-ն դուրս եկած է 1972-ի պալիսթիք հրթիռներու մասին պայմանագիրէն՝ 2001-ի Դեկտեմբերին։
«Նոր ռազմավարական զէնքի համակարգերու մշակումը նպատակ ունի բարձրացնել պաշտպանական կարողութիւնները եւ կանխել Ռուսիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ նախայարձակումները», - ընդգծած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Մօտս կայ զեկոյց, եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան գնահատականները։ Ի վերջոյ, սա եզակի արտադրանք է, որ աշխարհի մէջ այլընտրանք չունի: Ես լաւ կը յիշեմ, երբ մենք յայտարարեցինք, որ կը մշակենք նման զէնք մը։ Նոյնիսկ բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտները ըսին ինծի, որ այո, ասիկա լաւ եւ արժանի նպատակ էր, բայց անիրագործելի մօտ ապագային։ Այս մէկը բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտներու կարծիքն էր, կը կրկնեմ» - ըսած է Փութին։
Փենթակոնը, ըստ «ԹԱՍՍ»-ի, ընդունած է, որ «Բուրեվեստնիկ» հրթիռը գործնականին մէջ կրնայ հարուածներ հասցնել որեւէ կրիչէ՝ շնորհիւ իր բացառիկ հեռահարութեան եւ ինքնավարութեան։
