Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հեռաւոր Արեւելքէն C-400 «Թրիումֆ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու երկու սարք տեղափոխած է Բելառուսիա:
Անոք պիտի օգտագործուին «Դաշնակցային վճռականութիւն 2022» համատեղ զօրավարժութիւններու ժամանակ, որու մասին անցեալ շաբաթ յայտարարած էր Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքկաշենքօն։
«Մարտական առաջադրանքներու կատարման վայրեր ժամանելուն պէս ռուս զինուորները պիտի իրականացնեն արձակման կայանքներու վերազինում եւ քօղարկում, թեքնիկական սպասարկում եւ պիտի անցնին հակաօդային պաշտպանութեան ուսումնական մարտական հերթապահութեան Պելառուսիոյ եւ Ռուսաստանի ՀՕՊ միասնական տարածաշրջանային համակարգի կազմին մէջ»:
«Դաշնակցային վճռականութիւն 2022» զօրավարժութիւնները տեղի պիտի ունենան Փետրուար 10-20: