Երէկ հետեւած եմ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան պարեկութեան. մենք տեսած ենք Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ամբողջական փակումը: Այս մասին իր թուիթըրեան էջին գրած է Եւրոպական խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազոն, որ այցով կը գտնուէր Հայաստան:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 120 հազար հայ կտրուած է ամէն ինչէ: Ռուս զինուորները, որոնք պէտք է անոնց պաշտպանեն, անգործունեայ են. Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը ճշգրիտ կը փաստագրէ իրավիճակը, եւ Հայաստանը կ'ողջունէ անոր ներկայութիւնը։ Այսպիսով, եւրոպական կառոյցները լիովին տեղեկացուած են իրավիճակի մասին: Անոնց արձագանգը համարժէք չէ մարդասիրական ճգնաժամին եւ նկատուող ռազմական լարուածութեան», -գրած է պաշտօնեան։