image

Ռուս փորձագէտին կարծիքով. «Իրանը կրնայ չհանդուրժել»

Ռուս փորձագէտին կարծիքով. «Իրանը կրնայ չհանդուրժել»

Իրան կրնայ չճանչնալ հայ-ատրպէյճանական հաշտութեան պայմանագիրը եւ կրնան բարդութիւններ առաջանալ. Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը նոյնիսկ պատրաստ է զօրքեր ուղարկելու։ Այս մասին NEWS.am -ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ռուս քաղաքագէտ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի հիմնախնդիրներու փորձագէտ Սթանիսլաւ Թարասովը։

Ան յիշեցուցած է, որ «Զանգեզուրի միջանցքի» թեման առաջ քաշած է Ատրպէյճանը, այն որպէս եզրոյթ չկայ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ։ Այն պայմանը, որու համաձայն ճանապարհը կ'անցնի ռուսական Անվտանգութեան դաշնութեան ծառայութեան հսկողութեան տակ, ըստ Թարասովի, կը զայրացնէ Իրանը, քանի որ ան կը վախնայ, որ անոնք (Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը - խմբ.) կրնան ռուսները վտարել, վերահսկել ճանապարհն ու թրքական կամուրջ ստեղծել։

«Կը կարծեմ, որ այդ ամէնը յօրինուած է: Թերեւս Ալիեւն ու Փաշինեանը կը քննարկեն անձնական խօսակցութիւններու մէջ, սակայն հանրային մակարդակով դեռ ոչ մէկ նշանակութիւն ունեցող յայտարարութիւններ կը կատարուին»,- կը կարծէ փորձագէտը։ Ան մատնանշած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Փաշինեանի ցանկութիւնը՝ նշելով, որ Թուրքիոյ նախագահը՝ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ միջանցքի բացման պայման կը դնէ։

«Իրանը գոհ չէ այս իրավիճակէն։ 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը ստորագրուած է Երեւանի, Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ՝ Թուրքիոյ անուղղակի մասնակցութեամբ։ Փութինը թոյլ չտուաւ Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութիւնը. այն Ղարաբաղի հետ կապ չունի: Պատմականօրէն սա Իրանի ազդեցութեան գօտին է, որ, սակայն, հրաւիրուած չէ եղած բանակցութիւններուն։ Թեհրանը կը կարծէ, որ հնարաւոր է որոշել Ղարաբաղի կարգավիճակը, կարելի է խօսիլ հաղորդակցութեան միջոցներու մասին եւ այլն, սակայն համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի իր մասնակցութեամբ։ Իրան կրնայ չճանչնալ խաղաղութեան պայմանագիրը, կրնան բարդութիւններ առաջանալ. Թեհրան նաեւ պատրաստ է զօրքերը մտցնելու այս գօտի։ Երեւանն ու Պաքուն այս խնդիրը պէտք է լուծեն նաեւ Իրանի հետ»,- աւելցուցած է քաղաքագէտը։