Ռուսական «Կազփրոմ»ը ամբողջութեամբ դադրեցուցած է պուլկարական Bulgargaz եւ լեհական PGNiG ընկերութիւններուն կազի մատակարարումը` ռուպլիով ժամանակին չվճարելու պատճառով:
«Կազփրոմ Էքսփորթ»ը ծանուցած է Bulgargaz-ին եւ PGNiG-ին Ապրիլ 27-էն կազի մատակարարումը դադրեցնելու մասին, մինչեւ վճարումը կատարուի հրամանագրով սահմանուած կարգով», յայտնած է «Կազփրոմ»ը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «Կազփրոմ Էքսփորթ»ը Ապրիլ 26-ի գործունէութեան աւարտի դրութեամբ այդ ընկերութիւններէն Ապրիլի կազի մատակարարումներուն համար վճարումներ չէ ստացած:
«Կազփրոմ»ը նաեւ յիշեցուցած է, որ Պուլկարիան եւ Լեհաստանը տարանցիկ երկիրներ են, ուստի «երրորդ երկիրներ տարանցման ծաւալներէն ռուսական կազի չարտօնուած դուրսբերման պարագային տարանցիկ մատակարարումները պիտի կրճատուին այս ծաւալով»: