image

Ռումանիոյ մէջ Թեմակալ Առաջնորդի ներկայութեամբ՝ երիտասարդական հաւաք (Լուսանկար)

Ռումանիոյ մէջ  Թեմակալ  Առաջնորդի ներկայութեամբ՝ երիտասարդական հաւաք (Լուսանկար)

Ռումանիոյ Թեմի  Առաջնորդութիւնը գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ.  Տաթեւ  եպս. Յակոբեանին կը շարունակէ  իր     ազգանուէր առաքելութիւնը։

Այս ծիրէն  ներս եւ յատկապէս  նորահաս սերունդը եկեղեցական եւ ազգային միջավայրին կապելու   առընթեր տարուած ճիգերուն մէջ   օրերս տեղի ունեցած է  երիտասարդական հաւաք մը  Ռումանիոյ  Առաջնորդարանին  մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ  թեմի   դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին մէջ, օրհնութեամբ Տ․ Տաթեւ Եպս. Յակոբեանի, սոյն թուականի, ապրիլ 29-ին տեղի ունեցաւ եւս մէկ երիտասարդաց հաւաք։ 

Այս անգամուայ հաւաքի խորագիրն էր «Ինչո՞ւ կարդալ Աստուածաշունչը»։ Սրբազան Հայրը, նախ հարցը ուղղեց երիտասարդներուն։ Իւրաքանչիւրի պատասխանէն հասկնալի էր, որ Աստուածաշունչը մեզ համար կը հանդիսանայ կեանքի ուղեցոյց, հարցերու պատասխան, հնարաւորութիւն՝ ճանչնալու Աստուած, ըլլալ Անոր աւելի մօտ։ Մի քանին փորձած էին կարդալ, բայց ապարդիւն, միւսները` սկսած Մանկական Աստուածաշունչէն։ Շատերը համարձակութիւն չէին ունեցած ընթերցելու մէկ անգամէն եւ ամբողջութեամբ, քանի որ Աստուածաշունչն իր մէջ կը կրէ մեծ ուժ։ Պատասխաններուն ժամանակ հնչեց մէկ կարեւոր հարց եւս՝ ինչպէ՞ս կարդալ Աստուածաշունչը։

 

Վերջաւորութեան, ի հարկէ, հարցին պատասխանեց Սրբազան Հայրը, ան տուաւ երիտասարդներուն բանալիներ, որոնցմով անոնք կը կարողանան բանալ Աստուածաշունչի դռները եւ հասկնալ աւելի խոր, գիտակից թէ ի՞նչ կու տայ մեզի Աստուածաշունչը եւ ինչո՞ւ հարկաւոր է կարդալ այն․ Աստուածաշունչը Աստծոյ կենսագրութիւնն է, մեզի կու տայ պատասխանները չորս կարեւոր հարցերու՝ ո՞վ ենք մենք, որո՞ւ կը հաւատանք, ո՞ւրկէ կու գանք, ո՞ւր կ'երթանք, ցոյց կու տայ, թէ ինչ երեք կարեւոր յատկութիւններէ զրկուած է մարդը եւ ինչպէս կրնայ վերագտնել զանոնք՝ իշխանութիւն, մարգարէութիւն եւ քահանայութիւն։ Մենք բոլորս սպասաւորներ ենք՝ Աստծոյ սպասաւորները, հետեւաբար բոլորս քահանայ ենք ։  

Աստուածաշունչը գեղարուեստական գիրք պէտք չէ ընդունիլ եւ ընթերցել կարծես գեղարուեստական ստեղծագործութիւն։ Այն պէտք է կարդալ լրջութեամբ, հաւատքով եւ ի հարկէ՝ մեծ սիրով։ 

 Աւարտին, յաջորդ երիտասարդաց հաւաքի թեմա ընտրուեցաւ՝ « Հայր Մեր»-ը։