Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 25 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք տարեկան իր ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան «Ժողովուրդի Ախոյեան» մրցանակը պիտի շնորհէ Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչ Ռեքս Քալամեանին, որ հաւաքականին հետ շահեցաւ Եւրոպայի փոքր երկիրներու մրցաշարքի ոսկի մետալը։
Նշենք, որ մօտաւորապէս 30 տարիներու փորձառութիւն ունեցող Ռեքս Քալամեան ներկայիս օգնական մարզիչներէն մէկն է Միացեալ Նահանգներու արհեստավարժ պասքեթպոլի մրցաշարքին՝ «Էն.Պի.Էն.»ի, մաս կազմող Տիթրոյիթի «Փիսթընզ» խումբին եւ անցեալին 9 տարիներ եղած նաեւ Լոս Անճելըսի «Քլիփըրզ» խումբի օգնական մարզիչը, շարք մը այլ արհեստավարժ խումբերու կողքին։
Քալամեանի մարզումներուն շնորհիւ եւ անոր առաջնորդութեամբ, Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը յաջորդական չորս տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեց, միջին հաշիւով 88.8 կէտ նշանակելով իւրաքանչիր մրցումի ընթացքին, նման հեղինակաւոր մրցաշարքի մը ընթացքին, ինչ որ աննախընթ էր Հայաստանի պասքեթպոլի պատմութեան մէջ։
Քալամեան զաւակն է Նիւ Եորքի Պրանքս շրջանէն հայորդիներու, որոնք աւելի ուշ հաստատուած են Լոս Անճելըս, ուր Ռեքսը յաճախած է Արելեան Լոս Անճելըսի եւ Փոմոնայի «Քել Փոլի» համալսարեանները, որոնց պասքեթպոլի խումբերուն աստղերէն եղած է։
Անոր մեծ մայրը՝ Եւգինէ Երէմեան, Հայոց Ցեղսպանութիւնը վերապրած հայորդիներէն մէկն է, որմէ սորված է գոյատեւելու եւ պայքարելու կարեւորութիւնը։
«Մեզի համար հպարտութեան առիթ մըն էր Քալամեանի առաջնորդութեամբ Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականին ապահոված յաղթանակը։ Ապագայ հայ մարզիկներուն նոր բարձրունքներու հասցնելոu ճամբան հարթելով, Քալամեան ներշնչման աղբիւր մը դարձած է աշխարհի բոլոր հայ մարզիկներուն համար», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Ռեքս Քալամեանի գործունէութեան մանրամասնութեան ծանօթանալու համար այցելել կայքէջը, իսկ «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկի տոմսերը ապահովելու համար՝ կայքէջը:(Քաղուած ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Քեթի Սիմոնեանի յօդուածէն)