Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զէլէնսքին ուղերձով մը դիմած է ժողովուրդին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ցուցաբերած քաջութեան համար, եւ ընդգծելով, որ ռազմավարական առումով Ռուսիան այս պատերազմին յաղթելու առիթ չունի։
«Ռազմավարական առումով Ռուսիան այս պատերազմին յաղթելու առիթ չունի։ Եւ մենք պէտք է ամուր մնանք, որպէսզի մարտավարական մակարդակներու վրայ «ահաբեկչական պետութիւնը» զգայ իր պարտութիւնը։ Մենք պէտք է դիմանանք հարաւի մէջ, արեւելքի մէջ եւ ամէնուր, դիմանանք պաշտպանութեան, դիւանագիտութեան, քաղաքականութեան մէջ: Պահպանենք մեր միասնութիւնը, եւ ոչ միայն յաղթանակէն առաջ, այլեւ անկէ ետք ալ, որպէսզի որակապէս վերականգնենք այն ամէնը, որ ոչնչացուած է բռնատէրերու կողմէ։ Ես կը հաւատամ, որ մենք կ'ընենք այս ամէնը»,-ըսած է Զէլէնսքին։