image

Ռամիլ Սաֆարովի խնդրով նոր սքանտալ.Պաքու 7 միլիոն տոլար վճարած է Պուտաբէշտին

Ռամիլ Սաֆարովի խնդրով նոր սքանտալ.Պաքու 7 միլիոն տոլար վճարած է Պուտաբէշտին

Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ փողերու լուացման մասին հրապարակուած նոր հետազօտութիւնը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը պարունակէ Հունգարիոյ հետ այդ երկրի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:

2012-ին, երբ Հունգարիան Ատրպէյճանին արտայանձնեց հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին դաժանաբար սպաննած ատրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովը, աւելի քան 7 միլիոն տոլար փոխանցուած է հունգարական MKB դրամատան ատրպէյճանցի քաղաքական գործիչի որդիին անունով բացուած հաշուին: Հակակաշառակերութեան Átlátszó կայքին մէջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ բացայայտուած նոր տուեալները ցոյց կու տան, որ Սաֆարովը արտայանձնելով` Հունգարիոյ կառավարութիւնը ոչ թէ ցանկացած է ամրապնդել քաղաքական ու տնտեսական կապերը Ատրպէյճանի հետ, այլ հետապնդած է այլ նպատակներ:

MKB դրամատան մէջ բացուած հաշիւը կապուած եղած է անդրցամաքային (offshore) ընկերութեան մը հետ, որ սերտ կապերու մէջ եղած է Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ: Գումարը փոխանցուած է Հունգարիա Metastar Invest LLP ընկերութեան կողմէ հունգարական դրամատնային այն հաշուին, որ կապուած եղած է անդրցամաքային գործունէութիւն ծաւալող Velasco International ընկերութեան հետ:

Ուշագրաւ է, որ 7 միլիոն տոլարի փոխանցումը հունգարական MKB դրամատան համընկած է Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու սերտացման հետ: Արդէն 2014-ին Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան Պուտափեշթի մէջ հանդիպեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, կողմերը կնքեցին ռազմավարական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր: Յետագային եւս երկու երկրի պաշտօնատար անձերու հանդիպումները շարունակուեցան ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Հունգարիա կասկածելի գումարներ տեղափոխած Metastar Invest LLP-ն այն ընկերութիւնն է, որ ատրպէյճանական կողմէն ապօրինի գումարներ վճարած է ԵԽԽՎ պատգամաւոր Լուքա Վոլոնթէին, որուն դէմ Իտալիոյ մէջ այժմ հետաքննութիւն կ՛իրականացուի: Հետաքրքրական է, որ նոյն Լուքա Վոլոնթէն ոչ միայն Ատրպէյճանի բարեկամն էր, այլ նաեւ Վիքթոր Օրպանի, որուն վարչակարգին դէմ քննադատութիւնները ԵԽԽՎ պատգամաւորը որակած էր որպէս ոչ այլ ինչ, քան «վհուկներու որս»:

Velasco International-ը, որուն կը պատկանէր հունգարական դրամատան մէջ բացուած հաշիւը, սերտ կապեր ունի Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ: Բրիտանական Վըրճինեան կղզիներուն մէջ արձանագրուած ընկերութիւնը կը պատկանի Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Եաքուպ Էյուպովի որդիին` Օրխան Էյիւպովին:

Átlátszó ընկերութեան ներկայացուցած բացայայտումներուն մէջ կ՛երեւի, որ ատրպէյճանական ընկերութիւններու հետ գործարքներուն մէջ ներգրաւուած եղած են նաեւ Օրպանի կառավարութեան առընթեր հետախուզական ծառայութեան գործակալը, վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի ներկայացուցիչը եւ այդ երկրին մէջ կարեւոր պաշտօններ զբաղեցնող այլ անձիք:

Մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին արտայանձնելու ժամանակահատուածին Ատրպէյճանէն Հունգարիա կատարուած գումարային փոխանցումները կը բացահատեն Օրպանի կառավարութեան կողմէ նման քայլի շարժառիթները: Հունգարիոյ քաղաքական ղեկավարութիւնը, անտեսելով բոլոր օրէնքները, 7 միլիոն տոլարի դիմաց պարզապէս «վաճառած» է ատրպէյճանցի մարդասպանը, որ Պաքու ժամանելէն անմիջապէս ետք հռչակուեցաւ «ազգային հերոս» ու ազատ արձակուեցաւ` ոչ մէկ վայրկեան պատիժ չկրելով քնացած հայ սպան կացնահարելուն համար:

 

Արաքս Կասեան

Նիւթը ՝ «Արմէնբրէս»էն