image

Քուրսք նահանգէն աւելի քան 133 հազար մարդ տարհանուած

Քուրսք նահանգէն աւելի քան 133 հազար մարդ տարհանուած

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռավար խորհրդակցութիւն ունեցած է Ուքրանիոյ սահմանամերձ մարզերու ղեկավարներուն ու կառավարութեան որոշ անդամներուն հետ։

Քուրսքի նահանգապետի պաշտօնակատար Ալեքսէյ Սմիրնով, ներկայացուցած է իրավիճակը․

«Գործադիր շտապի որոշմամբ տարհանման գօտիին մէջ ընդգրկուած է Քուրսքի մարզի 8 շրջան՝ 152,566 բնակչութեամբ։ Այսօրուան դրութեամբ 133,190 մարդ դուրս ելած է, մնացած են 19,376-ը։ Կը շարունակենք մարդոց տեղափոխումը ապահով վայրեր»։

Պրեանսքի մարզի նահանգապետ Ալեքսանդր Պոկոմազ ըսած է, որ իրավիճակը երէկ բարդացած էր։ Անոր յայտնած տուեալներով՝ մարզի վրայ 23 անօդաչու արձակուած է, որոնք ոչնչացուած են, իսկ երեկոյեան ներթափանցման-հետախուզական խումբերը փորձած են հատել սահմանը, բայց սահմանապահներու ու բանակի ուժերը անոնց ետ մղած են։

Մարզերու ղեկավարները հաւաստիացոււցած են՝ իրավիճակը հիմա վերահսկողութեան տակ է։