Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կոչ կ'ընէ 675 միլիոն տոլար յատկացնել նոր քորոնա ժահրի դէմ պայքարի համար, երբ միայն Չինաստանի մէջ արդէն գրանցուած է հիւանդութեան 28 հազար դէպք:
Վարակուածներէն 33ՕՕ-ի մօտ հիւանդութիւնը շատ ծանր է։ Մինչ այժմ ապաքինուած է միայն 982 մարդ։ Հինւանդութիւնը կը շարունակէ տարածուիլ Չինաստանէն դուրս։ Ճափոնի ափերու մօտ քարանթինի տակ առնուած է 37ՕՕ ուղեւոր ու աշխատակազմ ունեցող զբօսանաւ մը, ուր հիւանդութեան վարակ յայտնաբերուած է 1Օ անձանց մօտ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը ժամանեն այլ երկիրներէ տարհանուած հարիւրաւոր անձինք։ Անոնք այստեղ ռազմակայաններու մէջ քարանթինի տակ կը պահուին երկու շաբաթ։
Ինչպէս Քոնկրէսին մէջ ելոյթ ունենալով՝ Ճոնս Հոփքինզի համալսարանի առողջապահութեան անվտանգութեան կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Ճենիֆըր Նուզոն ըսած է չորեքշաբթի օր, հիւանդութիւնն այնքան արագ ու այնքան լուռ կը տարածուի, որ կը դժուարանան պարզել, թէ որ երկիրներէն ամենաշատը պէտք է պաշտպանուիլ։
Ամենատխուր նորութիւնը. 34-ամեայ չինացի այն բժիշկը, որ առաջինը յայտնաբերած էր նոր քորոնա ժահրը ու բարձրաձայնած, որմէ ետք ոստիկանութիւնը, իշխանութիւններու հրահանգով, անոր յորդորած էր լռել, Չինաստանի շէջ երէկ միացաւ այն 56Օ անձանց, որոնց կեանքը զոհ գնաց այս հիւանդութեան։