image
Հրատապ լուրեր:

Քոչարեան Մոսկուա հրաւիրուած է

Քոչարեան Մոսկուա հրաւիրուած է

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մօտ աղբիւր մը հաղորդած է, որ Մոսկուայի մէջ սկզբունքային որոշում կայացուած է ամրապնդել հայ-ռուսական կապերը` տալով անոնց նոր լիցք, ըստ ամենայնի՝ տարածաշրջանին մէջ թուրք-ատրպէյճանական ազդեցութեան մեծացումը դիմագրաւելու նպատակով: Մասնաւորապէս, իշխող «Ետինայա Ռոսսիա» կուսակցութիւնը Մոսկուա այցելելու եւ քաղաքական խորհրդատուոթիւններ կատարելու հրաւէր ուղարկած է «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, ՀՀ երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանին: Այս մասին յայտնած է «Փաստ» ը:

Աղբիւրը նշած է, թէ առաջիկային Մոսկուա կատարելիք այցի ընթացքին Ռոպերթ Քոչարեան պիտի հանդիպի կուսակցութեան ղեկավարներուն հետ եւ պիտի քննարկուին տարածաշրջանի հնարաւոր զարգացումները։