image

«Քրտական Պահանջատիրութիւն»ը Եւ Մենք

«Քրտական Պահանջատիրութիւն»ը Եւ Մենք

Թուրքիոյ մէջ    բանակին  եւ      Քիւրտ PKK -ի  զինեալներուն  միջեւ  արդէն  ամիսներէ ի վեր սկիզբ առած  ընդհանուրումները  կը շարունակուին: Արեան  մէջ են ՝  Ճիզրէն, Տիարպէքիրը, Շըրնաքը, Վանը  եւ այլ շրջաններ ամէնօրեայ դրութեամբ     բախումներու թատերաբեմ են:    Խլրտումներու  սարսափ կայ, նոյնիսկ Պոլսոյ   մէջ  եւ  տեղի  ոստիկանութիւնը  բարձրագոյնի հասցուցած է ապահովական     վերահսկողութիւնը:  Միւս կողմէ       Տիարպէքիրի  մէջ  ժողով  մը գումարելով քրտամէտ «Ժողովուրդներու Տէոմքրաթ Կուսակցութիւն» (HDP) նախնական վաւերաթուղթ մը  պատրաստելով բառացիօրէն կը խօսէր քրտաբնակ  շրջաններուն մէջ        ինքնավարութեան պահանջի  մասին: 14   Կէտերէ բաղկացող վաւերթուղթի  հրապարկումէն ետք   հարցաքննութեան կը կանչուէին     կուսակցութեան համանախագահ  Ֆէթհիւլլա  Տէմիրթաշն ու այլ քիւրտ  քաղաքական  գործիչներ: Գետնի վրայ    գրանցուող բախումները     կ'ազդեն նաեւ քաղաքական գործընթացներուն վրայ եւ ատոր իբրեւ հետեւանք    Թուրքիոյ կառավարութիւնը   կը դադրեցնէ          ամէն տեսակի երկխօսութիւն քրտամէտ ուժերուն հետ:  Անշուշտ հարցական  պիտի  մնայ, որ  արդեօք  իշխանութիւնները եւ     քիւրտերու քաղաքական շահերը  ներկայցանող կողմերը     լոյսերէ հեռու   հանդիպումներու մէջ չե՞ն: Հարցական, որովհետեւ    շատ իրատեսական է  այն մօտեցումը, որ ներկայ պահու դրութեամբ  իրենց համար  Մոսկուան իբրեւ հովանի  համարած HDP-ն  ու անոր ղեկավարութիւնը լաւ գիտեն, որ Ռուսները գոնէ այս հանգրուանին կողմնակից չեն քրտական պետութեան մը ստեղծման (առնուազն Թուրքիոյ մէջ), ուր մնաց Ուաշինկթընի կեցուածքը,  որուն      նախագահ Պարաք Օպամային համար  Էրտողան կը շարունակէ մնալ շրջանի ամէնէն   «վստահելի»   դաշնակիցը:   Խնդրին  առումով կարեւոր է        լոյս սփռել  հայկական կեցուածքին վրայ:  Մինչ  Հայաստան    շատ հասկնալի լռութեամբ կը հետեւի      ողջ ընթացքներուն անդին  «Ակօս»ի շուրջ բոլորուած     հայկական շրջանակններ     կը փորձեն    լոյս սփռել քրտական խնդրին վրայ  դատապարտելով իշխանութիւններուն բռնարարքները եւ         ջատագովելով  քրտական խնդրին իրաւացիութիւնը:   Բնական   է այդ շրջանակներուն  մօտեցումը, որ նաեւ կը բխի      HDP-ին մէջ  որոշ ներգրաւուածութեամբ մը, որուն հիմունքով  հայազգի Կարօ Փայլան կը հասնէր թրքական «Միլլի Մէճլիս»:   Բացի անկէ սակայն մեծ հարցադրումի  դուռ կը       բանայ մասնաւորապէս  այս հանգրուանին խօսիլ քրտական  պահանջատիրութեան մը մասին: Ի վերջոյ  որո՞ւ կը պատկանին այդ հողերը: Ո՞ւր են  այդ  հողերուն բնակիչները  եւ   ինչ    հիմունքներով այսօր քիւրտերը որպէս  անվիճելի իրաւատէր  կը   ներկայանան  Վանի, Տիրապէքիրի եւ այլ  շրջաններու  մէջ:  Արդեօք  տանտիրոջ  բացակայութեան  պատճառով հոն աճած բնակչութիւնը իրաւատէր կը դառնա՞յ: Արդեօք   հայուն  հեռացումով,  անոր գաղթով, անոր սպաննութեամբ (որուն մէջ   այսօրուան քիւրտերուն նախահայրերը    կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են)     գետին շահած ու    իշխանութիւններուն դէմ  զէնք  բարձրացուցած քիւրտ զինեալներն են այդ հողերուն իրաւատէրերը:   Բոլոր անոնք որոնք կը խօսին եւ կը ջատագովեն քրտական պահանաջատիրութեան մը մասին նախ իրենք իրենց հարց պէտք է տան, որ ինչ հիմունքներով կամ  ինչ հաշիւներով  մտած են այս խաղին մէջ: Խաղ մը, որ բաց է   տարբեր   հաւանականութիւններու  համար ու  ծանր հետեւանքներու   դիմաց:   Թրքահայոց պարագային  այսօր ալ կը բացակայի  ընդհանուր կեցուածք մը որդեգրելու   բնութագիրը: Բան մը,  որ  անցնող   100    տարիներուն չձեւաւորուեցաւ, ու այսօր  երբ պահը հասած է, որ  «դուրս եւ ներս»  գտնուող  թրքահայերը խօսին     մէկ  լեզուով       այդ      հնարաւորութիւնը չերեւիր: Թերացում  կայ,  ոչ  միայն անոր համար, որ նոյն լեզուով չեն խօսիր, այլ աւելի    մտահոգիչը , որ իրար  հետ ալ  չեն խօսիր: Այս  երկու   հատուածները նոյն  կերպ չեն խօսիր, նոյն թիրախները  չունին  եւ նոյն   յորձանուտին մէջ չեն:   Այս   ընդհանուր պատկերին դիմաց  կարեւորը Թուրքիոյ մէջ ապրող   մեր    հայրենակիցներն են, որոնք որեւէ բանէ առաջ  պէտք է յստակատեսութիւն ունենան  քրտական հարցի ընդհանուր      պրիսմակը չափելու,    ճիշդ հաշուարկներ ընելու եւ  եզրակացութիւններու      յանգելու: Ի վերջոյ անոնք  նախքան քրտական պահանջատիրութիւն  ջատագովելը   մտածած  են, թէ  ինչ  կը  ջանայ    այդ պահանջատիրութիւնը : Ուր կը սկսի եւ ուր կաւարտի:   Առնուազն պէտք է    Հրանդ Տինքի  մօտեցումը հասկցած ըլլան ու այդ հիմնունքով քալեն: Կամ   Թուրքիոյ կազմաքանդումը, որուն  համար  կը պայքարին քիւրտերը    ինչքանով   օգտակար է  հայութեան  եւ յատկապէս Հայաստանին համար: Թող  այս մասին մտածեն  նախ եւ առաջ: