image

«Քրեմլը կոչ կ'ընէ Երեւանին եւ Պաքուին՝ հետեւելու աւելի վաղ ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերուն». Փեսքով

«Քրեմլը կոչ կ'ընէ Երեւանին եւ Պաքուին՝ հետեւելու աւելի վաղ ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերուն». Փեսքով

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին․

«Քրեմլը մտահոգուած է տարածաշրջանին մէջ կտրուկ սրացմամբ։ Հիմա գլխաւորը Երեւանին եւ Պաքուին համոզելն է՝ հրաժարիլ ուժային մեթոտներէն։

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պէտք է միջոցներ ձեռնարկէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութիւնն ապահովելու համար։

Ռուս զինուորականները շփման մէջ են հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ։ Հնարաւոր են նաեւ բարձր մակարդակի շփումներ։

Խնդրի քաղաքական-դիւանագիտական լուծման հասնելու հնարաւորութիւն կայ։

Քրեմլը կոչ կ'ընէ Երեւանին եւ Պաքուին՝ հետեւելու աւելի վաղ ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերուն»։