Քիեւ հերքած է Ռուսիոյ դէմ հակայարձակում սկսելու մասին լուրերը՝ անդրադառնալով ատոր մեկնարկի մասին տարբեր տեղեկութիւններուն: Այս մասին գրած է Reuters-ը։
Գործակալութիւնը նշած է, որ NBC News-ը, վկայակոչելով առաջնագիծին գտնուող աւագ սպայ եւ զինուորը, յայտնած է, որ Ռուսիոյ դէմ հակայարձակումը սկսած է: The Washington Post-ը մէջբերած է զինուած ուժերու մէջ «չորս անձանց», որոնք նոյն բանը ըսած են:
Ուքրանիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի խօսնակը, պատասխանելով հաղորդագրութիւններու մասին հարցին, ըսած է. «Մենք նման տեղեկութիւն չունինք»։
Ուքրանական իր ամէնօրեայ ճեպազրոյցին Մեծ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հինգշաբթի հաղորդած է ծանր մարտերու մասին «ճակատի մի քանի հատուածներու» երկայնքով՝ աւելցնելով, որ Քիեւը նախաձեռնած է շրջաններու մեծ մասին մէջ:
Ուքրանիոյ զինուորականները յայտարարած են, որ Խերսոնի մէջ ջրհեղեղը ստիպած է ռուսական զօրքերուն նահանջել 5-էն 15 քիլոմեթր ու «գործնականօրէն երկու անգամ կրճատած» ռուսական գնդակոծութիւնը:
Reuters-ը չի կրնար ինքնուրոյն ստուգել մարտադաշտի մէջ իրավիճակը։
Ռուսիան եւ Ուքրանիան իրար կը մեղադրեն խորհրդային ժամանակաշրջանի Կախովկա ջրելեկտրակայանի ամբարտակի աւերման համար, որու հետեւանքով ջուրերը հոսած են հարաւային Ուքրանիոյ պատերազմական գօտիին մէջ՝ ստիպելով տասնեակ հազարաւորներուն լքել իրենց տուները: