image
Հրատապ լուրեր:

Պորիս Ճոնսըն կը զգուշացնէ Իրանը

Պորիս Ճոնսըն կը զգուշացնէ Իրանը
Լոնտոնի մէջ Իրանի դեսպանը կանչուած է երկրի ԱԳՆ՝ անցեալ շաբաթ Օմանի ծոցին մէջ անօդաչու սարքով նաւի վրայ յարձակման եւ ատոր վերաբերեալ Թեհրանին ուղղուած մեղադրանքներու հետ կապուած, գրած է The Guardian-ը:
 
Աւելի վաղ Մեծ Բրիտանիոյ ԱԳՆ-ն եւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը յայտարարած էին, որ իսրայէլական Mercer Street լցանաւի վրայ յարձակման ետին կանգնած է Իրանը:
 
Յիշեցնենք, որ լցանաւի իսրայէլական Zodiac Maritime ընկերութիւնը յայտնած էր, որ Ճափոնի պատկանող նաւը ծովահէններու յարձակման ենթարկուած է: Կը հաղոդուէր, որ անձնակազմի երկու անդամ զոհուած է` Բրիտանիոյ եւ Ռումինիոյ քաղաքացիներ:
 
ԱԳՆ-ի մէջ դեսպան Մոհսէն Պահարուանտի հետ զրոյցի ժամանակ շեշտուած է, որ Իրանը «պէտք է անյապաղ դադրեցնէ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնացող գործողութիւնները»: Նաեւ ըսուած է, որ «նաւերուն պէտք է թոյլ տրուի ազատ նաւարկութիւն կատարել՝  միջազգային իրաւունքին համապատասխան»:
 
Մինչդեռ Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը, մեկնաբանելով միջադէպը, ըսած է.«Կը կարծեմ, որ Իրանը պէտք է բախուի իր ըրածի հետեւանքներուն, ընդունի այն վերագրումը, որ արտաքին գործոց նախարարը ըրած է: Սա ակնյայտօրէն անընդունելի եւ աղաղակող յարձակում էր առեւտրային նաւի վրայ. մահացած է Մեծ Բրիտանիոյ քաղաքացի: Բացարձակապէս կենսական նշանակութիւն ունի, որ Իրանը եւ իւրաքանչիւր այլ երկիր յարգեն աշխարհի մէջ նաւագնացութեան ազատութիւնները, եւ Միացեալ Թագաւորութիւնը պիտի շարունակէ պնդել այդ»:
 
ԱՄՆ-ի եւ Մեծ Բրիտանիոյ մեղադրանքները Արաբական ծովուն մէջ իսրայէլական Mercer Street լցանաւի վրայ յարձակման մէջ հակասական եւ անհիմն են, ըսած է Իրանի ԱԳՆ ներկաայացուցիչ Սաիտ Խաթիպզատեն:
 
«Այդ մեղադրանքները բոլորավին անհիմն են: ԱՄՆ-ի եւ Բրիտանիոյ այդ բոլոր յայտարարութիւնները հակասական արտայայտութիւններ կը պարունակեն: Նախ Իրանը կը մեղադրեն յարձակման համար` առանց որեւէ փաստաթուղթ ներկայացնելու, այնուհետեւ կը խօսին այն մասին, որ այդ հնարաւոր էր»,-ըսուած է ԱԳՆ ներկայացուցիչի թելեկրամեան ալիքի մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
 
Վերջինս աւելցուցած է, որ Իրանը առանց յապաղելու պիտի պաշտպանէ իր ազգային շահերը, ինչպէս նաեւ պիտի արձագանգէ որեւէ հնարաւոր արկածախնդրութեան, որ ուղղուած կ'ըլլայ իր դէմ: