Պրիւքսէլի մէջ մեկնարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ԵՄ խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:
Այս մասին յայտնած է Փաշինեանի խօսնակ Նազելի Պաղտասարեանը։
Եռակողմ հանդիպումէն առաջ կայացած էր Փաշինեան-Միշել հանդիպումը։ Զրուցակիցները քննարկած էին այսօր նախատեսուած եռակողմ հանդիպման, ինչպէս նաեւ նախորդ հանդիպումներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերող հարցեր: