Մենք կը պատրաստուինք երկիրը մաքրելու այլասաերումէն. կը պատրաստուինք ախտահանելու կառավարութեան շէնքը, եւ մեր հիւանդը վերադարձնենք բնակութեան վայր: Այս մասին, այսօր` Ապրիլ 27-ին, Հանրապետութեան հրապարակին մէջ շարժման ժամանակ յայտարարեց «Կամք» նախաձեռնութեան համահիմնադիր Վահագն Չախալեանը:
Ան ու շարժման միւս մասնակիցները հագած են հակակազային դիմակեր, բժշկական խալաթներ, ձեռքերնին ունին ախտահանման համար նախատեսուած գործիքներ:
Չախալեան ըսաւ, որ հակակազը պիտի ըլլայ նոր իշխանութեան լաւագոյն գործիքներէն մէկը, կոչ ըրաւ բոլոր ընդդիմադիրներուն ձեռք բերելու հակակազ:
Շարժման մասնակիցները իրենց ձեռքին ունին «ոչ այլասերման», «Նիկոլ հեռացիր» գրութիւններով պաստառներ:
Նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն Արա Զոհրապեանը յայտարարեց, որ իշխանութիւնները ամէն ինչ ըրած են, որ այլասերուածութիւնը տեղ գտնէ մեր երկրին մէջ. «Յիշում էք Սթամպուլեան կոնվենցիա, Լանզարօթէի կոնվենցիա: Մենք պէտք է ազատուենք այլասերութիւնից: Այսօրուայ ակցիան այդ նպատակն ունի», ըսաւ Զոհրապեանը:
Մինչ շարժման մասնակիցները կը քալէին կառավարութեան շէնք, ոստիկանները կանգնեցուցին, հարցուցին` ո՞ւր կ'երթան, ապա յայտնեցին, կառավարութեան շէնքը յատուկ պահպանուող տարածք է, կոչ ընելով շրջանցել կառավարութեան շէնքը:
Քիչ անց ոստիկանները բերման ենթարկեցին Վահագն Չախալեանը, եւս մի քանի հոգի, միւսները հրելով հեռացուցին կառավարութեան շէնքէն: