image

Փոխվստահութեան մթնոլորտ եւ հաղորդակցութիւններ. Ի՞նչ քննարկուած է Փաշինեան-Էրտողան հանդիպումին

Փոխվստահութեան մթնոլորտ եւ  հաղորդակցութիւններ. Ի՞նչ քննարկուած է Փաշինեան-Էրտողան հանդիպումին

Չինաստանի Թիենծին քաղաքին մէջ կայացող Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս սեպտեմբեր 1-ին կայացած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հանդիպումը։

Ըստ վարչապետի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան՝ զրուցակիցները կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման միտուած քայլերը։

«Վարչապետ Փաշինեանը եւ նախագահ Էրդողանը շեշտել են կառուցողական մօտեցումների պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ փոխվստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների զարգացման նպատակով։

Կողմերը պայմանաւորուել են շարունակել երկխօսութիւնը», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ գոհ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ գործընթացի ընթացքէն։ Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը ներկայացուցած է բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները։

«Թուրքիան կ՚աջակցի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման եւ պիտի շարունակէ իր ներդրումն ունենալ այդ գործընթացին մէջ»,-ըսած է Էրտողանը։

Էրտողանը նաեւ նշած է, որ «կ՚ընթանայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնմանն ուղղուած քայլերու գնահատականը»։

Փաշինեան իր դիմատետրեան էջին տեսանիւթ հրապարակած է այդ հանդիպումէն։