Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այս շաբաթ պիտի շարունակէ տնտեսութեան հարցով խորհրդակցութիւններու շարքը եւ պիտի քննարկէ մետաղագործութեան ոլորտին մէջ տիրող իրավիճակը, բացի այդ պաշտօնական այցով Մոսկուա պիտի ժամանէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Այս մասին յայտարարած է Քրեմլի ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքովը:
«Ռուսաստան պաշտօնական այցով պիտի ժամանէ Հայաստանի վարչապետը: Միջազգային ասպարէզին մէջ ստեղծուած ներկայիս իրավիճակին մէջ յատուկ նշանակութեան իրադարձութիւններ տեղի կ'ունենան: Եկող շաբաթ Փութինը պիտի շարունակէ նաեւ տնտեսութեան ոլորտին մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ խորհրդակցութիւններու շարքը. զրոյց տեղի պիտի ունենայ այն մասին, թէ ինչ տեղի կ'ունենայ մետաղագործութեան ոլորտին մէջ», յայտնած է ան: