image

Փաուլա Եղիայեան Պէյրութի Մ.եւՀ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն նշանակուեցաւ

Փաուլա Եղիայեան  Պէյրութի Մ.եւՀ. Արսլանեան Ճեմարանի  տնօրէն նշանակուեցաւ

Լիբանանահայ գաղութը թիւով քիչ սփիւռքահայ այն գաղութներէն է, որոնք մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն իրենց նոր սերունդներուն հայեցի ամուր դաստիարակութիւն տալուն` իրենց բնակած երկիրներուն բարենպաստ պայմանները օգտագործելով: Անիկա այն գաղութներէն է, որոնք հակառակ վերջին տասնամեակներու կեանքի դժուար պայմաններուն` յամառօրէն մեծ ներդրումներ կ՛ընեն պահպանելու, արդիականացնելու եւ զարգացնելու համար հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու ցանցը. արդիականացում եւ զարգացում թէ՛ նիւթեղէն կառոյցներու, թէ՛ մարդուժի մարզերուն մէջ:

Արդարեւ, յաջորդ վերամուտին կը սկսի գործել նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանը, իսկ Արսլանեան Ճեմարանի հողատարածքին վրայ արդէն ընթացքի մէջ դրուած է Համազգայինի նոր մանկամսուրի կառուցումը:

Այս վերանորոգումը կը զուգադիպի նաեւ անձնակազմային բնական սերնդափոխութեան:Լիբանանահայութիւնը դպրոցական վերջին տարեշրջանի աւարտին իր ազգանուէր յանձնառութեան մէկ նոր փաստը տուաւ երկու կարեւոր ամէնօրեայ վարժարաններու ղեկավարումը վստահելով կրթութեան մարզին մէջ մասնագիտացած երիտասարդ կարող ուժերու: Ուժեր, որոնք արհեստավարժութիւն, արդիական մօտեցումներ, նոր շունչ եւ որակ պիտի բերեն այդ վարժարաններուն:

Այս երկու վարժարաններէն մէկը Ազգային միացեալ վարժարանն է, որուն համար Ազգային Իշխանութիւնները ատենին հանդէս եկան յատուկ հաղորդագրութեամբ: Ներկայ հաղորդագրութեամբ կու գանք ընդհանրապէս սփիւռքահայ եւ հայրենի հանրութիւնը, յատկապէս` լիբանահայութիւնը տեղեակ պահելու  առած կարեւոր քայլի մը  մասին:

Արդէն Ճեմարանի 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանի աւարտական հանդէսին ընթացքին, երբ Ճեմարանի այժմու տնօրէնը` Տիգրան Ճինպաշեան բազմաթիւ տարիներու անխոնջ ծառայութենէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ, յայտարարուեցաւ Փաուլա Եղիայեանը Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն նշանակելու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան տուած որոշումին մասին: Փաուլա Եղիայեան ճեմարանաւարտ ըլլալով` Ճեմարանին մէջ իր առած դաստիարակութեամբ, հաստատութեան մէջ երկու ամբողջ տասնամեակներու հասնող իր ուսուցչական փորձառութեամբ եւ իր մասնագիտական կարողութիւններով` պահելով հանդերձ  Ճեմարանին  յատուկ հայակերտման նպատակներուն, մթնոլորտին ու ոգիին հանդէպ հաւատարմութիւնը, ուժական կերպով պիտի իրագործէ այդ նպատակները, աւանդութեան միախառնելով արդիական մեթոտն ու գործելակերպը: Փաուլա Եղիայեան, որ մասնագիտացած է կրթութեան համալսարանական ճիւղին մէջ եւ ամբողջացնելու  վրայ է  իր դոկտորական ուսումը, Ճեմարանին պիտի բերէ կրթական մարզի բարձր մակարդակի արհեստավարժութիւն եւ մասնագիտական մօտեցումներ: Փաուլա Եղիայեանը, վերջապէս, երիտասարդ ուժ մըն է, որ իր կարելիութիւններով եւ կարողութիւններով Ճեմարանը նոր յաջողութիւններու պիտի առաջնորդէ` անոր թարմ աւիշ ու  յաւելեալ արդիականացում ընծայելով:

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք բոլոր հայկական վարժարաններուն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 23 Օգոստոս 2016