image

Փաշինեանի գլխաւորութեամբ գումարուած է Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ

Փաշինեանի գլխաւորութեամբ գումարուած է Անվտանգութեան Խորհուրդի  նիստ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Կառավարութենէն:

Նիստին մասնակցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան:

ԱԽ-ի նիստին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, մարդասիրական խնդիրներուն եւ անվտանգային միջավայրին վերաբերող շարք մը հարցեր: