ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլավ Զաս ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ քննարկած է Ղազախստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
Զաս տեղեկացուցած է Ղազախստանի մէջ տիրող իրավիճակին եւ զայն կարգաւորելու համար ՀԱՊԿ հաւաքական խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու մասին Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշման իրականացման ընթացքին վերաբերեալ։
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը նշած է, թէ կ'ակնկալէ, որ խաղաղապահները երկար չեն մնար Ղազախստանի մէջ՝ քանի մը օր կամ շաբաթ։ Գործողութեան աւարտէն յետոյ ՀԱՊԿ-ի բոլոր զօրքերը դուրս պիտի բերուին երկրէն։