image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան- Փութին հեռախօսազրոյց

Փաշինեան- Փութին հեռախօսազրոյց

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որու ընթացքին քննարկուած է ղարաբաղեան կարգաւորման հարցը։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը։

«Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման արդիական հարցեր՝ 2020 թուականի 9 Նոյեմբերի եւ 2021 թուականի 11 Յունուարի եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ ամրագրուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման պարունակին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է տարբեր մակարդակներու վրայ հետագայ շփումներու վերաբերեալ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։