Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ համագործակցութեան խորհրդակցական ժողովի հերթական նիստին: Այս մասին հաղորդած է վարչապետի աշխատակազմը։
Նիստին ներկայ գտնուած են «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ՝ Արամ Սարգսեան, «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Նորայր Նորիկեան, Հայաստանի եւրոպական կուսակցութեան ղեկավար՝ Տիգրան Խզմալեան, Հայաստանի Քրիստոնեա-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ՝ Լեւոն Շիրինեան, «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ՝ Մհեր Տէրտէրեան, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար՝ Միքայէլ Հայրապետեան, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Դաւիթ Սանասարեան, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ատենապետ՝ Սեդրակ Աճէմեան եւ Տիգրան Արզաքանցեան: