image

Փաշինեան արձակուրդի ուղարկած է ԱԻՆ նախարարը

Փաշինեան  արձակուրդի ուղարկած է ԱԻՆ նախարարը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ` Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Անդրանիկ Փիլոյեան կը մեկնի ամէնամեայ արձակուրդի` 14 աշխատանքային օր տեւողութեամբ:

Որոշման մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի․

«Ղեկավարուելով «հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 16-րդ մասով, «կառավարչական իրաւայարաբերութիւնների կարգաւորման մասինէ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 10-րդ յօդուածի 13-րդ մասով եւ «կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասինէ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 18-րդ յօդուածի 1-ին մասով`

1. Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակների նախարար Անդրանիկ Փիլոյեանին տրամադրել 2020-2021 թուականների աշխատանքային տարուայ ամենամեայ արձակուրդը` 14 աշխատանքային օր տեւողութեամբ` 2022 թուականի Մարտի 28-ից ապրիլի 14-ը ներառեալ:

2. Անդրանիկ Փիլոյեանի արձակուրդում գտնուելու ընթացքում վերջինիս կը փոխարինի Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակների նախարարի առաջին տեղակալ Արմէն Փամբուխչեանը»:

Յիշեցնենք, որ երէկ առաւօտեան ԱԱԾ-ն ստուգումներ   իրականացուած է ԱԻՆ-ի մէջ: Խուզարկութիւնը, մասնաւորապէս, իրականացուած է նախարար Փիլոյեանի խորհրդական Աշոտ Յակոբեանի աշխատասենեակին մէջ: 

NEWS.am-ի տեղեկութիւններով` խուզարկութենէն յետոյ իրաւապահները ԱԻՆ մի քանի աշխատակիցներ տարած են Հակափտածութիւն կոմիտէ` հարցաքննութեան:

Թէ ի՞նչ քրէական գործի շրջանակին մէջ տեղի կ'ունենան այս քննչական գործողութիւնները, առայժմ յայտնի չէ:

Սակայն դեռ օրեր առաջ լուրեր կը տարածուէին, որ Նիկոլ Փաշինեանը կը պատրաստուի որոշ նախարարներ փոխելու, այդ շարքին՝ արտակարգ իրավիճակներու նախարարը: