image

Փարիզ.Կին Ահաբեկիչը Ինքզինք Պայթեցուցած է Սէն Տընի Շրջանին Մէջ. Ոստիկանութիւնը Կը Շարունակէ Իր Սկսած Գործողութիւնը(Լրացուած)

Փարիզ.Կին Ահաբեկիչը Ինքզինք Պայթեցուցած է Սէն Տընի Շրջանին Մէջ. Ոստիկանութիւնը Կը  Շարունակէ  Իր Սկսած Գործողութիւնը(Լրացուած)

 Փարիզի ոստիկանութիւնն  այս  առաւօտ ընդհարում ունեցած է     ահաբեկչական խմբակի  մը անդամներուն հետ: ԱՖՓ  այս մասին հաղորդելով կը յայտնէ, որ  մասնայատուկ ուժերու պատկանոող   ոստիկաններ  խուզարկում կատարելու նպատակով     հասած են Փարիզի  արուարձան համարուող  Սէն  Տընի շրջանը: Ըստ ոստիկանութեան աղբիւրներուն,     վտանգաւոր    ահաբեկիչներ եղած են այն տան մէջ, ուր ոստիկանութիւնը կը փորձէր ներխուժել:  Գրանցուած կրակոցներէն ետք ահաբեկիչ կին մը ինքզինք պայթեցուցած է  պատճառ դառնալով       ոստիկաններու  վիրաւորման:   Սպաննուած են   երեք կասկածելիներ, որոնց ինքնութիւնը  մինչեւ այս պահը չէ   պարզուած: Քիչ առաջ   հաղորդուեցաւ, որ Փարիզի յարձակումներուն գլխաւոր   պատասխանատու եւ կազմակերպիչ  համարուող Ապտըլ Համիտ Ապահուտ կը գտնուի  Սան Տընի շրջանին մէջ  եղող  մէկ յարկաբաժնին մէջ եւ ան պաշարուած է ոստիկանութեան կողմէ: