image

Փարիզի մէջ. Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպում

Փարիզի մէջ. Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպում

Արարատ Միրզոյեանը շեշտած է հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ եւ անվերապահ հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ՝ անյայտ կորածներու ճակատագրի պարզաբանման եւ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

 

ՀՀ Արտաքին Գործիոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Նոյեմբեր 10-ին Փարիզի մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ), Իկոր Խովաեւի (Ռուսաստան) եւ Պրիս Ռոքֆոյի (Ֆրանսա) հետ։

Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցերու լայն շրջանակ: Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական լուծման հնարաւոր է հասնիլ միայն խաղաղ ճանապարհով՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ՝ կողմերուն յայտնի սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ։

Արձանագրուած է համանախագահներու՝ տարածաշրջան այցի կարեւորութիւնը իրավիճակին տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը առաջնահերթ համարած են տարածաշրջանին մէջ ապամագլցողութեան ուղղուած յստակ քայլերու իրականացումը։ Այս առումով Արարատ Միրզոյեանը դատապարտած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ քաղաքայիններու վրայ յարձակումները, որոնք յանգեցուցած են զոհերու, ինչպէս նաեւ անընդունելի համարած է շարունակական հայատեաց հռետորաբանութիւնը:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարն ու ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները միտքեր փոխանակել հրատապ լուծում պահանջող մարդասիրական խնդիրներու վերաբերեալ: Այս ծիրին մէջ Արարատ Միրզոյեանը շեշտած է հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ եւ անվերապահ հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ՝ անյայտ կորածներու ճակատագրի պարզաբանման եւ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

Նոյն օրը Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Ժան-Իվ Լը Տըրիանի հիւրընկալութեամբ, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպումը։

Հնգակողմ հանդիպման ընթացքին ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը արտայայտած է հայկական կողմին դիրքորոշումը` լիարժէքօրէն վերականգնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ։

Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է համանախագահներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած դիրքորոշումը՝ այդ շարքին ապամագլցողութեան եւ մարդասիրական խնդիրներու կարգաւորման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ՝ սադրանքներու եւ հայատեաց հռետորաբանութեան անընդունելիութեան վերաբերեալ։