image

Փարիզի մէջ. Մեծարումը՝ Կարպիս Ափրիկեանի 

Փարիզի մէջ. Մեծարումը՝ Կարպիս Ափրիկեանի 

Փարիզի նշանաւոր Սէն-Ռոք եկեղեցւոյ մէջ, օրերս, յատուկ համերգով մը նշուած է «Սիփան Կոմիտաս երգչախումբ»ի հարիւրամեակի, որ նաեւ յարգանքի տուրք էր մայէսթրօ Կարպիս Ափրիկեանին՝ երգչախումբի նախկին ղեկավարին, որ մահացած է 2024ին։ Ան առաւել քան 50 երկար տարիներ ղեկավարած էր երգչախումբը:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

«Սիփան Կոմիտաս երգչախումբի հարիւրամեակի համերգը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 14 Մարտին, Փարիզի նշանաւոր Սէն-Ռոք եկեղեցւոյ մէջ: Այս ձեռնարկը յարգանքի տուրք մատուցեց մայէսթրօ Կարպիս Ափրիկեանին՝ երգչախումբի նախկին ղեկավարին, որ մահացաւ 2024ին։ Ան առաւել քան 50 երկար տարիներ ղեկավարած էր երգչախումբը:

 Դեկտեմբեր 2023էն ի վեր, երգչախումբին երաժշտական եւ գեղարուեստական ղեկավարութիւնը ստանձնած է երաժշտահան, ջութակահար եւ խմբավար Դաւիթ Փիվազեան, որ ծնած է 1993ին, Երեւան:

Շատ հարուստ եւ մեծապէս որակաւոր համերգի ծրագիրը բաղկացած էր հայկական ծիսական եւ աւանդական երգերու խառնուրդէ մը՝ գլխաւորաբար Կոմիտասի եւ Ափրիկեանի գործերը ներառող:

Յայտագիրի առաջին մասով, մեծ հաճոյքով ունկնդրեցինք. «Օրհներգ Կաթողիկոսին», «Սիրտ Իմ Սասանի», «Տէր Ողորմեա՛», «Կռունկ», «Տլէ Եաման», «Գարուն ա», «Երկնից-գետնից» «Ել, Ել», «Չինար Ես», «Ալագեազ» եւ «Խնկի Ծառ»՝ Կոմիտասէն, «Նոր Ծաղիկ»՝ Ներսէս Շնորհալիէն:

Իսկ երկրորդ մասով ներկայ եղանք «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի բարձրագոյն որակի ելոյթին, ի յիշատակ իր առասպելական ղեկավարին՝ Կարպիս Ափրիկեանի:

Նախ, UniArt լա­րային քա­ռեակը (գե­ղարուես­տա­կան ղե­կավար՝ Մա­րիա Քրիս­թիանի), ընկերակցու­թեամբ մե­ներ­գիչներ Ան­նա Քա­սեանի, Ատամ Պա­րոյի, Ար­տա­ւազդ Սարգսեանի եւ դաշ­նա­կահա­րու­հի Էլի­զապէթ Քալ­ֆօղլուի, մեզի հրամցուց «Ալ Այլուղս», «Քելէ Քելէ» եւ «Վաղարշապատի Պարը»՝ Կոմիտասէն, «Գիշերային»՝ Է. Պաղտասարեանէն, Մարիա Քրիսթիանիի ջութակի մենանուագով:

Ապա, երգչախումբը կատարեց հետեւեալները՝ փոքր հարսանեկան շարք. «Օրօր» (մեներգիչ Աննա Քասեան, սոփրանօ) «Գիշերային Լուսնակ Անոյշ» եւ «Մութն Էր»՝ Կարպիս Ափրիկեանէն, «Կարմիր Ծաղիկ Մը Գարունի»՝ Միսաք Մեծարենց / Ռոբերտ Ամիրխանեանէն եւ «Գթա՛ Տէր«՝ Ա. Յարութիւնեանէն:

Վերջապէս, իբրեւ պսակումը երեկոյթին՝ համերգը աւարտեցաւ Երեւանի քայլերգով՝ «Երեւան Էրեբունի»-ով (Է. Յովհաննիսեանի, Պարոյր Սեւակի խօսքերով), որ ընդունուած էր 2004ին՝ նշելու համար քաղաքի 2750րդ տարեդարձը: 

Մեծ թիւով հանդիսականները այս վերջին գործը երգեցին երգչախումբին հետ եւ երկար վայրկեաններ յոտնկայս ծափահարեցին:

Այս համերգը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերաւ հայկական երաժշտութեան հարստութիւնը: