image

Փարիզի Ահաբեկչութեան Հեղինակները Ֆրանսայի Ծնունդ Են. Վազգէն Էսքիճեան

Փարիզի  Ահաբեկչութեան  Հեղինակները Ֆրանսայի  Ծնունդ Են. Վազգէն Էսքիճեան

«Փարիզի պատահարը փաստ է, որ յետ այսու աշխարհի վրայ հարիւր տոկոսով ապահովագրուած վայր մը գոյութիւն չունի»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Լիոն ապրող Վազգէն Էսկիճեանը:  Էսկիճեան, որ  ՌԱԿ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ է եւ Ֆրանսայի շրջանային վարչութեան ատենապետ, «Արեւելք»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ անդրադառնալով նախորդող օրերուն Փարիզի մէջ տեղ գտած պատահարներուն, ըսաւ, որ Ֆրանսայի եւ յատկապէս Փարիզի մէջ նման ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարուելու փաստը շատ սարսափելի եւ ահաւոր է, մանաւանդ ելլելով այն նկատառումէն, որ գործողութինները իրագործող ահաբեկիչները ծնած են Ֆրանսայի մէջ ու հոնկէ է, որ  կ'երթան Սուրիա կռուելու եւ կամ անոնց զինելու, կամ անոնց ուղեղները լուալու եւ այս հանգամանքի չարաբաստիկ հետեւանքներն է, որ կ'երեւայ այսօր:  Էսկիճեան, բարձրօրէն գնահատելով Ֆրանսայի ապահովական մարմիններու պատրաստուածութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը, հաստատեց, որ շատ աւելի վատ հետեւանքներ կարելի պիտի ըլլար ակնկալել, եթէ Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը պէտք եղած նախապատրաստութիւններով օժտուած չըլլար եւ իր գործը ճիշդ չկատարէր, յատկապէս Գերմանիա-Ֆրանսա մրցումը տեղի ունեցող մարզադաշտին մէջ, ուր կը գտնուէր երկրի նախագահ Հոլլանտը: Վազգէն Էսկիճեան անդրադառնալով ներկայիս Ֆրանսայի միջ տիրող ընդհանուր տրամադրութեան՝ մատնանշեց, որ ամբողջ Ֆրանսան, իր նախագահով, ժողովուրդով եւ պետութեան բոլոր կառավարական մարմիններով, նաեւ նախագահի ընդդիմադիր կողմով այսօր աւելի միասնական ճակատ մը կը կազմէ ահաբեկչութեան դէմ տանելիք իր պայքարին մէջ, եւ աւելցնելով նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն աւելի զօրաւոր քայլեր պիտի նախաձեռնուին այդ ուղղութեամբ: Մեր զրուցակիցը տեղեկացուց նաեւ, որ Ֆրանսայի սգոյ արարողութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ Հինգշաբթի օր, որու համար եւ ապահովական   պատճառներով նախատեսուած ամբողջ ընդհանուր հանդէսներն ու մեծ միջոցառումները կասեցուած են: Յառաջիկայի իր ակնկալիքներու մասին «Արեւելք»ի հարցին, մեր զրուցակիցը պատասխանեց. «Ամէն մարդ իր բնականոն կեանքը պէտք է շարունակէ եւ իր գործով զբաղուի, չվախնայ ոչ ոքէ: Էսկիճեան իր ակնկալիքներու շարքը շարունակելով նշեց նաեւ, որ դժբախտաբար ակնակալիքներու  ցանկին մէջ կայ նաեւ մեռեալներու արձանագրուած  թիւի աճը, որոնք ցարդ կը հաշուեն 130 մարդ, սակայն անդին դեռ հիւանդանոցներուն մէջ  կան 350 ընդհանուր վիրաւորներ,  որոնցմէ  80-ը  ծանր վիճակ կը պարզեն: Եւ վերջապէս խօսքը մասնաւորելով հայազգի փարիզաբնակներու մասին, ան նշեց, որ բացի Լոլա Ուզունեան անունով  անյետացած (ապա`  մահացած գտնուած-խմբ.) երիտասարդուհիի պարագայէն,  «երբեք հայազգի մահացող, սպաննուող կամ վիրաւորուող անհատներու մասին տուեալներ չկան, ինչին համար փառք կու տանք»: