Ըստ «Ալ Մանար» կայանին, Ռուսական ապահովական մարմիններու թելադրանքով յատուկ կարգադրութիւններ գործադրութեան պիտի դրուին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ: Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, որ յառաջիկայ 3 օրերուն ընթացքին «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան Միջագային օդակայանին մէջ օդանաւերու թռիչքներուն հետ կապուած փոփոխութիւններ պիտի կատարուին: Նշենք, որ նոյն օրերուն ռուսական ուժեր զօրավարժութիւններ պիտի կատարեն միջերկրականեան ջուրերուն մէջ եւ թռիչքներու փոփոխութիւնը պիտի կատարուի ռուսական թելադրանքով: Նոյն առումով լիբանանեան MEA օդանաւային ընկերութիւնը, որ այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, յայտնած է, թէ դէպի արաբական ծոցի երկիր Պէյրութէն թռիչք առնող օդանաւերու ժամանակացոյցը կրնայ փոփոխութիւններ կրել կապուած՝ օրակայանին մէջ տեղի ունենալիք փոփոխութիւններուն հետ: