image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ. Տոլարը 18.600 ոսկիով

  Պէյրութի մէջ. Տոլարը 18.600 ոսկիով

 Լիբանանի ելեւմտական շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակագինը այսօր անկում կրած է։

Այս մասին իմացանք Lebanon 24 կայքէն, որ կը նշէ, թէ ամերիկեան տոլարը այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ վաճառուած է 18.600 լիբանանեան ոսկիի, մինչ երէկ այն կը վաճառուէր մինչեւ 18.900 հազար լիբանանեան ոսկիի։ 

 

 Կարգ մը վերլուծաբաններ այս դրական շարժը համարած են, որպէս հետեւանք երկրին մէջ նոր վարչապետի նշանակման յոյսերու առկայութեան։

 

 Նշենք նաեւ, որ այսօր Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն պիտի ընդունի խորհրդարանական խմբակցութեանց անդամները ու լսելէ ետք անոնց կարծիքը պիտի նշանակէ նոր վարչապետ։

 

 Վերջին տուեալները կ՚ըսեն, որ շատ հաւանական է, որ Թրիփոլցի քաղաքական դէմք եւ առաջնորդ Նաժիպ Միքաթին ստանձնէ երկրի վարչապետի պաշտօնը։