Սագօ Արեան
Պէյրութի Մար Մըխայէլ շրջանին մէջ հրաշքի համազօր բան կրնայ կատարուիլ։ Խնդիրն այն է, որ փրկարարական խումբ մը անդամները, որոնք մաքրման-որոնման աշխատանքներ կը կատարէին Մար Մըխայէլ շրջանին մէջ գտնուող եւ պայթումէն մեծապէս վնասուած շէնքի մը մօտ զգացած են, թէ (կ՚ըսուի թէ յատուկ սարքերու շնորհիւ է, որ անոնք մարդկային ապրող «շունչ» մը զգացած են) փլատակներուն տակ ողջ մնացած մարդ մը կայ։
Աւելի ուշ յայտարարուած է, որ փլատակներուն տակ եղողները մէկ անձէ աւելին են, սակայն մինչեւ այս պահը ստոյգ տուեալներ չկան։
Իրադրութիւնը բարդ է, որովհետեւ շէնքը մեծ ցնցումի մը հետեւանքով կրնայ ամբողջութեամբ փլուզուիլ, ամէն պարագայի Պէյրութը աւերակած պայթումէն ճիշդ մէկ ամիս անց եթէ մէկ հոգի ալ գտնուի ու փրկուի, այն միայն հրաշքի համազօր է։
Աստուած պահէ Լիբանանն ու Լիբանանահայութիւնը։