image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ. Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը մէկ օրով փակ պահած է իր դռները (Լուսանկար)

  Պէյրութի մէջ. Հայ Կաթողիկէ  Մեսրոպեան վարժարանը մէկ  օրով փակ  պահած է իր դռները (Լուսանկար)

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը  2 նոյեմբերին փակ պահած է իր դռները։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

Կը Նշուի նաեւ, որ վարժարանի սաներէն՝ Տէյվիտ Քիւրտեանի վաղահաս մահն է այս որոշման պատճառը։

Մեր ունեցած տուեալներով պատանի Տէյվիտ անցուցած է սրտի բարդ վիրահատութիւն մը, ու երկարատեւ գործողության ընթացքին անոր առողջական վիճակը վատթարացած է ու ապա աւանդած է իր հոգին։

 Ընկերներուն եւ շրջապատին կողմէ անչափ սիրուած պատանի՝ Տէյվիտ հոգածութեան առարկայ էր բոլորի կողմէ։ Աշխատասէր, ընկերասէր եւ շրջապատին մէջ միայն դրական մթնոլորտ ստեղծող Տէյվիտի ծնողները բոլոր միջոցները գործի դրած են փրկելու համար անոր դեռատի կեանքը, սակայն չեն յաջողած։

  Խունկ ու մոմ իր լոյս յիշատակին։