image

Պէյրութի մէջ. Գրիգոր Ապուտուրեանի մահը

 Պէյրութի մէջ. Գրիգոր Ապուտուրեանի մահը

Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Գրիգոր Ապուտուրեանը։

Հանգուցեալը 74 տարեկան էր եւ ան ծնունդ էր Պէյրութի մէջ երբեմնի գաղթակայան հանդիսացող «Քարանթինա» շրջանին: 

Կը նշուի, որ վաղ հասակէն կեանքի ասպարէզ նետուած Գրիգոր որդին էր Էօժէնի եւ Բենիամին Ապուտուրեաններուն եւ այդ ընտանիքի կրտսերագոյն անդամն էր։

 

Լիբանանի պայծառ օրերուն Գրիգոր ունենալով երաժշտութեան հանդէպ սէր՝ իր սեփական միջոցներով զարգացուցած է հմտութիւնները եւ ժամանակ մը գործած է որպէս երգիչ։

Հրապարակած է մի քանի ալպոմներ եւ երաժշտական գործունէութիւն ծաւալած յատկապէս վաղ ութսունականներէն,  Պէյրութի մէջ յայտնի անուն հանդիսացող Արա Քէքէճեանին եւ շարք մը երգիչներու հետ։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ու անկէ ետք վրայ հասած տնտեսական ճգնաժամը շատ ծանր հետք թողած են հանգուցեալին վրայ, որուն հետեւանքով ալ մատնուած է դժուարին վիճակներու։

 

Վերջին տարիներուն ան բոլորովին հեռացած էր արուեստի միջավայրէն եւ նուիրուած կալուածներու եւ բնակարաններու առուծախի  ասպարէզին, որ սակայն կ՚ընդհատուէր տնտեսական սուր ճգնաժամին հետեւանքով։ 

Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի ունեցած է  այսօր՝ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ, ուր ալ ամփոփուած է անոր մարմինը  Ապուտուրեաններու ընտանեկան շիրիմին մէջ։

 Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն։