Պէյրութցիներուն համար մասնաւորապէս անցնող վեց ամիսներուն հիմնական խնդիրները տնտեսական-ընկերային խնդիրներ էին։
Ջուրի, ելեքդրականութեան, առողջապահական եւ նմանատիպ խնդիրներ կարծէք կը հալածէին Լիբանանի, բայց եւ այնպէս մայրքաղաք Պէյրութի բնակիչները։
Ու ատոր համար էր, որ անոնք փողոց կ՚իջնէին, բաւական անդէմ ու անհեռանկար, մոռնալով, որ համայնքային դրութիւն կոչուած դրուածքին մէջ անհնար է ոչ մէկ սայլ տեղէն շարժել առանց հաւաքական կամքի մը դրսեւորման։
Բաւական մեծ սարքազմ կար գիշեր ցերեկ ճանապարհ բացող- փակող ցուցարարներու քայլերուն մէջ, որոնք կ՚ուզէին ամէն-ամէն ինչ քանդել եւ բոլոր-բոլոր քաղաքական գործիչները տուն ղրկել։
Պէյրութէն հասնող պատկերները, ցոյցերու ահագնացումը, բազմամարթ երթերն ու հաւաքները անպայման կը վերակերտէին երրորդ ուժի մը առկայութեան հին-նոր վարկածը, որուն հիմնական նպատակը անկայունութիւն ստեղծելն էր։
Լարում ներքին ճակատին վրայ, իրար հանդէպ առկայ ատելութեան շահագործում, որոշ կողմերու «հրէշացում», որ կրնար բանալ ներքին ճակատումներու արիւնալի նոր փուլը։
Լիբանանի թշնամի համարուող Իսրայէլ, որ իր հիւսիսային սահմաններու ողջ երկայնքով արդէն 2006- էն ի վեր մեծ անհանգստութիւն կ՚ապրէր, սկսած էր գիտակցիլ, որ Լիբանանը կարելի է յաղթել միայն ներսէն։
Ու այսօր արդէն այդ ծրագիրն է, որ առաջ կը մղուի։ Այդ ծրագիրը մարմին կը ստանայ, ոչ թէ Թէլ Աւիւի կողմէ, այլ միս ու արիւն կը զգենու Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմուտքի հանդէպ մեծ հաւատարմութիւն ցոյց տուած սիւննի տէրութիւններուն կողմէ։
«Պատրաստուած» ծրագրին հիմնական «մեխ»ը այս անգամ տնտեսական պատիժներու միջոցաւ իրավիճակը լարումի տանիլն էր։
Պէյրութցիք, որ իրենց կառավարութիւններէն միշտ ալ ունեցած են մեծ պահանջներ «աբ ի բերան» կը մնային։ Լիբանանին համար նախատեսուած բոլոր տեսակի վարկերը կը սառեցուէին եւ լիբանանեան դրամատուներուն մասին առկայ մեծ ու փոքր տեսակի բոլոր «առասպելներ»ը ջուրը կ՚իյնային։
Առանց լոյսի, առանց ջուրի ու մանաւանդ իր սեփական դրամէն զրկուած ու աղքատացած միջին խաւի լիբանանցին, որուն համար ամենաէականն անշուշտ տնտեսական վիճակի բարելաւումն էր, չէր հասկցած, որ առկայ խաղը միայն ներքին խաղ մը չէր։
Կար մեծ պահանջ եւ այդ պահանջի հիմնական կէտը «Հըզպալլա»ն զինաթափելու պահանջն էր։
Ի դէպ երէկ, երբ «անգլուխ» ցուցարարներ կը խուժէին երկրի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մեծ վնասներու ենթարկուած շէնքը կը պարզէին պաստառ, որուն վրայ գրուած էր ՝ «Պէյրութը, առանց զէնք»ի գրութիւնը։
Սա անշուշտ երկար տարիներու վրայ մանուած «երազ»ի մը արգասիքն էր, որուն առաջին ահազանգը կամ «զարթուցիչ»ի ձայնը հնչած էր նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան օրերուն՝ 2005-ին։
Մեզմէ շատեր լաւ կը յիշեն, թէ ինչ գորշ պայմաններու տակ Իսրայէլ այդ ահաբեկչութիւնը յաջորդող տարին 2006-ին պատերազմ կը շղթայազերծէր Լիբանանի վրայ ու քար ու քանդ կը դարձնէր հարաւային լիբանանի մեծ թիւով արուարձանները ու նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի հարաւային արուարձանը։
Այդ օրերուն թիրախը Լիբանանի միասնականութիւնն էր. մէկ Լիբանանի երազն էր, որուն վրայ կը բացուէին դժոխքի կրակները։ Այսօր ալ «խաղ»ը նոյնն է. վայրերը եւ անունները փոխուած են, միջոցները եւ ձեւերը, զէնքերը եւ հրթիռներու տեսակները փոխուած են, սակայն թիրախը մէկն է, թիրախը Լիբանանի միասնականութիւնն է։
Ու այս դժուարին պահուն, շատ յստակ է, որ մարդիկ, պարզ քաղաքացիներ, կուրացած իրենց տեսած ցաւին ահագնութենէն, պիտի չուզեն երկար-բարակ վերլուծումներ կատարել։
Դիւրին է իրենց համար «ներսէն» թշնամին մը գտնել, այդ թշնամի համարուած կողմը հրէշ դարձնել, դիւրին է ատելավառ բառեր ըսել ու տակաւին դիւրին ալ է երկիրը լքել ու հեռանալ ...։
Անշուշտ դատապարտելու համար չէ, որ կը գրեմ, ոչ ալ հեշտ է, հոս Երեւան նստելով խրատներ կարդալ մարդոց գլխուն, որոնց հարազատն է զոհուած, որոնց տունն է փլատակ դարձած, որոնց ամէն ինչը, եսը, էութիւնն ու ամբողջ կեանքը վտանգուած են։
Սակայն այս բոլորէն անդին պէտք է յստակ ըլլայ, որ Պէյրութի շուրջ ընթացող «խաղեր»ը, շահերու յարաբերակցութիւնը, աշխարհաքաղաքական վիճակներու արագ եւ անհանդարտ թաւալումները հիմնական պատճառներն են Պէյրութի այսօրուան տխուր վիճակին։
Գիտէք Պէյրութը այս «թաւալք»ին նման շատ մեծ փորձութիւններ տեսած է ու ամէն անգամ ալ կարողացած է մեծ ցատկ մ՚ընել ու դուրս գալ դժոխքէն ու մահէն։ Այսօր ալ նոյնն է վիճակը, որովհետեւ պարունակները նոյնն են, դիրքի կարեւորութիւնը նոյնն է եւ մանաւանդ ապրելու կամքը եւ եռանդը նոյնն են։
Կը մնայ հասկնալ, որ լիբանանցիք, ինչ ընտրանքներով պիտի փորձեն շտկել իրենց «ներքին տան» հարցերը, առանց լսելու դուրսի ուժերուն ու մանաւանդ առիթ չտալով, որ երկիրը անգամ մը եւս կիսուի։
Կիսուելու փորձը մեծ ձախողութիւն էր Լիբանանին համար, ու անոնք, որ Պէյրութի բաժանման օրերը կը յիշեն, գիտեն նաեւ, որ այդ երկիրը մէկ ամբողջութիւն է, որուն համար անոր բոլոր զաւակները պէտք է պատրաստ ըլլան զիջելու ու զիրար լսելու...։
Մեծ, ուղենշային, աշխարհի մը չափ տարողունակ եւ նոյնիսկ տասնամեակներու վրայ իրենց ազդեցութիւնը բանեցնող դէպքերու առջեւ ենք։ Պէյրութը, նաեւ սահմանն է արեւելքի եւ արեւմուտքի մեծ հատումներուն, այսօր իր թեւերը պարզած օգնութեան ճիչեր կ՚արձակէ։
Աշխարհը ամբողջ հոն է, անոր ճիչին ու սպասումին, անոր վէրքին ու ցաւին հետ։
Ու այս բոլորէն անդին, ամենաէականը այն է, որ մարդիկ գիտակցին որ մեծ զարգացումներու եզրագիծերուն վրայ Պէյրութի մէջ կառուցուող լուծումներու մեծ փաթեթը , կրնայ եւ կարողութիւնը ունի աւելի բարեբեր, աւելի խաղաղ եւ աւելի արդիւնաւէտ Մերձաւոր Արեւելք կերտել։