image

Պետական հարուածին գլխաւոր հեղինակը անձնատուր եղաւ. Reuters

Պետական հարուածին գլխաւոր  հեղինակը    անձնատուր եղաւ. Reuters

Մինչ Մոսկուա   խոր մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող    դէպքերուն առընթեր, «Ռօյթըրզ» լրատուական    գործակալութիւնը  յայտնած է, թէ   պետական հարուածի փորձ կատարող խումբի  գլխաւոր հեղինակը անձնատուր եղած է   Էրտողանի  հովանիին տակ եղող բանակին:  Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ  երկրին մէջ   մինչեւ այս պահը  անորոշ իրավիճակ կը տիրէ եւ շատ մը լրատուական  ծառայութիւններ մտավախութիւն  յայտնած են     քաղաքացիական ներքին պաատերազմի  մը շղթայազերծումին վերաբերեալ: Պայթումի  ձայներ կը լսուին  մասնաւորապէս Անգարայի պետական    գլխաւոր շէնքերուն  մօտ: