ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէն կը թաքցնէ Թուրքիոյ հետ սահմանին գտնուող «Մարգարա» անցակէտի սպասարկման ծախսերը:
«Sputnik Արմենիա»ն հարցում ուղարկած է Պետական եկամուտներու կոմիտէ հասկնալու համար, թէ որքան արժած է «Մարգարա» նոր անցակէտի շինարարութիւնը եւ ինչքան գումար ծախսուած է շինարարութեան աւարտէն ետք այն սպասարկելու համար։
Առաջին հարցի վերաբերեալ Պետական եկամուտներու կոմիտէէն յայտնած են, որ մաքսային կէտի կառուցման համար կոմիտէի եւ շարք մը կազմակերպութիւններու միջեւ կնքուած են համապատասխան պայմանագրեր, որոնք հրապարակուած են ելեկտրոնային գնումներու ARMEPS համակարգի PPCM ենթահամակարգին մէջ (բաց հարթակ):
«Դրանք իրենց մէջ ներառում են շինմոնտաժային աշխատանքների, սարքաւորումների եւ կահաւորանքի արժէքը, նախագծանախահաշուային փաստաթղթերի կազմման աշխատանքների արժէքը, նախագծանախահաշուային փաստաթղթերի փորձաքննութեան արժէքը, աշխատանքների կատարման նկատմամբ որակի տեխնիկական եւ հեղինակային հսկողութեան ծառայութիւնների արժէքը»,-յայտնած է Պետական եկամուտներու կոմիտէն:
Սակայն Պետական եկամուտներու կոմիտէէն չեն պատասխանած հիմնական հարցին․ որքան գումար ծախսուած է 2023 թուականի դեկտեմբերէն պատրաստ, բայց չշահագործուող անցակէտի սպասարկման համար։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ հետ սահմանին գտնուող «Մարգարա» անցակէտը պատրաստ է շահագործման։
Նշուած էր, որ հայկական կողմը Թուրքիայէն դրական ազդակներ կ՚ակնկալէ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անձնագրեր ունեցողներու համար սահմանը բանալու վերաբերեալ։
Հայկական կողմը անցակէտի արդիականացման եւ վերազինման համար ծախսած է շուրջ 760 միլիոն դրամ: