23 Օգոստոսին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանը ՌԴ Փաթրիոթ կեդրոնին մէջ մասնակցած է «Արմիա-2021» ռազմաարդիւնաբերական ցուցահանդէսի եւ Միջազգային բանակային խաղերու բացման արարողութեան: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած են ՀՀ ՊՆ-էն:
Նոյն օրը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը շարք մը հանդիպումներ ունեցած է ՌԴ խոշոր ռազմաարդիւնաբերական ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ, քննարկած է երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր։
Արշակ Կարապետեանն, այնուհետեւ, հայ-ռուսական ռազմատեխնիկական համագործակցութեան հարցերու ողջ շրջանակը քննարկած է ՌԴ Ռազմատեխնիկական համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուգաեւի եւ Ռոսօփորոնէքսփորթ ընկերութեան տնօրէն Ալեքսանտր Միխէեւի հետ։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել