image

«Կարեւորը տեսլական ունենալն է» Հենրիկ Խալոյեան

«Կարեւորը   տեսլական ունենալն է»  Հենրիկ Խալոյեան

Իրանահայ համայնքային գործիչ Հենրիկ Խալոյեանի կարծիքները շօշափելու առիթն ունեցանք վերջերս՝ հայկական հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ տարածաշրջանային հարցերու վերաբերեալ Իրանի այժմու դիրքորոշումը բախտորոշ նշանակութիւն ունի Հայաստանի տեսակէտէ՝ իրանահայ շրջանակներէն հնչած տեսակէտներն ալ կը կարեւորուին այդ համայնապատկերին վրայ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Հենրիկ Խալոյեանի խորհրդածութիւննեը։

                                          *

-Կը խօսուի սփիւռքի աշխուժութեան մասին՝ մանաւանդ, որ շատեր կը դժգոհէին, թէ սփիւռքը յոգնած է, ընկճուած է։ Ճի՞շդ է այս դիտարկումը։

-Դժուար հարցումով սկսաք։ Սփիւռքի հարցը պէտք է ըլլայ ընդհանրապէս մեր մտաւորականութեան եւ քաղաքական մտքի ուշադրութեան կեդրոնը։ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի առկայ հարցերը պէտք է լուծուին նոր վերծանումով, նոր վերանայումով, նոր ազգային ծրագիրով, ռազմավարական մշակումով եւ իրատեսութեամբ։ Բաւական բարդ հարց կ՚արծարծէք, բայց կը կարծեմ, որ սփիւռքը իր աշխատանքը, իր ապրելակերպը կը շարունակէ, բարեբախտաբար կամ դժբախտաբար, այս է իրականութիւնը։ Ամէնուր կը տեսնենք տեղական մտածումներու մակարդակ՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Համահայկական եւ համազգային ծրագրերու տեսադաշտէն դուրս կը մնան նոր լուծման հեռանկարները։ Սա այն իրականութիւնն է, որու առջեւ կանգնեցանք նաեւ վերջին պատերազմի պարտութեան պատճառով, որուն պատրաստ չէինք։ Պատերազմի պարտութենէն ետք այս մշուշը ստեղծուեցաւ մեր ազգային, համընդհանուր ծրագրի շուրջ։ Զանազան աշխարհահայեացքով եւ գաղափարական տեսութեամբ կազմակերպութիւններ եւ մարդիկ լուծումներ կը գտնեն, բայց ես այդ միասնական, ազգային տեսլականը այսօր չեմ տեսներ, այդ թեզը չեմ կրնար ներկայացնել կամ անոր լուծում մը տալ։ Բայց կարելի է տեսնել այն հանգրուանները, որոնցմէ անցած ենք՝ ցեղասպանութիւն, Առաջին հանրապետութեան հիմնադրում, խորհրդայնացում, վերանկախութիւն, Արցախի առաջին պատերազմ եւ յաղթանակ։ Անկախութենէն ետք հասանք նաեւ հզօր պետականութեան։ Եօթանասուն տարի սփիւռքի մէջ հզօր պետականութեան ստեղծման շուրջ կեդրոնացած ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի գաղափարը տակաւին կը շարունակուի։ Բայց պատերազմը եւ պարտութիւնը, Արցախի պաշարումը եւ, ցաւօք սրտի, վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին գործնական որեւէ յաջողութիւն չունենալը, կը կարծեմ, որ բոլորը հարցադրումներու առջեւ կանգնեցուցած է։ Միշտ ալ կը մտածեմ, որ ազգովին շատ աւելի հզօր ենք՝ ունենալով մեծ սփիւռք մը՝ բազմաթիւ հնարաւորութիւններով, երեսնամեայ պետականութեամբ եւ Արցախի երեսնամեայ փորձով։ Շատ աւելի հզօր ենք եւ շատ աւելի հնարաւորութիւններ ունինք, բայց չենք կրնար այս բոլորը միասնական տեսլականի շուրջ համախմբել եւ գործնական քայլերու անցնիլ։

-Սփիւռքի մէջ ամենակարեւոր խնդիրը ինքնաճանաչութեան հարցն է։ Մենք միշտ կ՚ուզենք մեր նուաճումներն ու յաղթանակները ներկայացնել, սակայն կ՚ուզենք հեռու մնալ ներկայ իրականութենէն եւ հեշտ ճանապարհով կ՚երթանք՝ քննադատելով եւ մեղաւորներ փնտռելով։ Այս ձեւով ճանապարհը կէս կը մնայ։ Այս բոլորին մէջ որքանո՞վ կարեւոր է նախ մեր ունեցածը գնահատել, որովհետեւ այսօրուան Կովկասը նոյնը չէ, ինչ որ 1990-ականներուն էր, հետեւաբար, տեղէ մը պէտք է սկսինք, քայլ մը պէտք է առնենք։ Համաձա՞յն էք։

-Որպէս ընդհանուր մօտեցում՝ համաձայն եմ։ Սակայն չեմ կարծեր, որ սփիւռքի մէջ ինքնաճանաչման հարց ունինք։ Կը կարծեմ, որ ինքնահաստատման հարցն ալ աւարտած է, երբ նայինք հայկական սփիւռքի այսօրուան մեծ քարտէսին։ Ըստ իս, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ազգային համընդհանուր տեսլականի հարց ունինք, որովհետեւ այդտեղ կրնան շահերու բախում ըլլալ։ Թերեւս կրնան ըլլալ պահեր, երբ ազգային շահը բախի քաղաքական շահին հետ։ Մենք, ազգովին, նման բարդութիւններու դէմ յանդիման կրնանք գտնուիլ։ Մենք պարտաւոր ենք վերանայելու եւ աւելի լուրջ ազգային տեսլական ունենալու՝ թէ՛ գիտական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ գաղափարական իմաստով, որպէսզի կարենանք քայլերու ուղղութիւնը ճշդել։

-Հայաստանը վիրաւոր է, բայց սփիւռքը կը շարունակէ ապրիլ։ Ձեր կարծիքով, սփիւռքը առանց Հայաստանի ինչքա՞ն կրնայ գոյատեւել։

-Եթէ իրատես ըլլանք, զգացական չպատասխանենք. այո՛ սփիւռքը կրնայ ապրիլ առանց Հայաստանի, Հայաստանն ալ՝ առանց սփիւռքի։ Բայց կարեւոր է, որ մենք, իբրեւ հայ ազգ եւ պետութիւն ի՞նչ կ՚ուզենք, ի՞նչ է մեր տեսլականը։ Մեր այս իրականութիւնը՝ երեք միլիոն Հայաստան եւ տասն միլիոն սփիւռք, նաեւ Արցախ, ինչպէ՞ս կ՚ուզենք ապրիլ, ի՞նչ է մեր արժեհամակարգը, մեր կեանքի նպատակը՝ որպէս ազգ-պետութիւն կայանալու եւ միասնաբար այդ տեսութեամբ ապրելու։ Մենք կ՚ուզենք, որ սփիւռքը ծառայէ Հայաստանի հզօրացման։ Արդեօք ժամանակը չէ՞, որ երեսնամեայ պետութիւնը նաեւ օգտակար դառնայ սփիւռքին։ Շատ առիթներ կան։ Հայաստան՝ որպէս պետական համակարգ իր գիտնականներով, իր մշակոյթով, իր հնարաւորութիւններով սփիւռքի մեծ շրջանակին կրնայ օգտակար ըլլալ։ Մենք կը մոռնանք նաեւ թրքահայութիւնը։ Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղթօճախի դերը այս ընդհանուր պատկերին մէջ ի՞նչ է։ Արցախի առկայ իրավիճակը բոլորին համար պարտադրանք կը ստեղծէ՝ սեփական դերակատարութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու։ Եթէ իւրաքանչիւրս մեր բնագաւառին մէջ, մեր օրակարգով, մեր դերը կատարենք, քայլ մը առջեւ կ՚երթանք։ Մեր երիտասարդութիւնը պէտք է մղենք գիտական ուղղութեան, որ կը ծառայէ մեր ազգ-պետութեան հզօրացման։ Պետութիւնը պէտք է նոր ձեւեր որդեգրէ սփիւռքի հետ շփուելու, համագործակցելու եւ ծառայելու։ Նոյն եւ հին ակնոցներով չենք կրնար նայիլ սփիւռքին։

Սագօ Արեան

«Ժամանակ» / Պոլիս