image

Պաքուն Երեւանին կոչ ըրած է «չչարաշահել ԵՄ առաքելութիւնը»

Պաքուն Երեւանին կոչ ըրած է «չչարաշահել ԵՄ առաքելութիւնը»

Ատրպէյճանի Արտաքին գոծոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ հայկական կողմին «անհրաժեշտ է դադարցնել Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան չարաշահումը տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը սրելու եւ իր ռազմական սադրանքները կոծկելու համար»։

«Անհրաժեշտ է, որ նշուած առաքելութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ պատրուակ չդառնայ Հայաստանի կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումէն հրաժարելու համար», - ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի վաղ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու նախագահը դժգոհութիւն յայտնած էին Հայաստանի տարածքին մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան տեղակայման կապակցութեամբ։

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց մարտ 15-ին ելոյթ ունենալով Պերլինի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ բանակցութիւններէն ետք հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին, մասնաւորապէս, ըսած էր.

«Հայաստանի մէջ կը գործէ Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը։ Գերմանիան կ'աջակցի այդ առաքելութեան, որ կը ղեկավարէ մեր երկրի ներկայացուցիչը»։