image

Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի նախկին նախագահներն ու զօրավարները կապ հաստատած են հարազատներու հետ

Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի նախկին նախագահներն ու զօրավարները կապ հաստատած են հարազատներու հետ

Սեպտեմբեր 27-ին ատրպէյճանցիներու կողմէ ապօրինի ձերբակալուած Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատրի տեղակալ, զօրավար-մայոր Դաւիթ Մանուկեանը 2 օր առաջ ընտանիքի անդամներու հետ հեռախօսով կարճատեւ զրոյց ունեցած է: Այս տեղեկութիւնը հաստատած է Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը։

Հարազատներու հետ կապ հաստատած են նաեւ Արցախի նախկին նախագահները եւ զօրավար Լեւոն Մնացականեանը։

Ատրպէյճանցի սահմանապահները ձերբակալած, ապա կալանաւորած են Արցախի նախկին պետնախարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանը, Պաշտպանութեան Բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը եւ Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը, Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը։ Սեպտեմբեր 30-ին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած ն, որ Ատրպէյճանի մէջ կալանաւորուած է նաեւ Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը։

Պաքուի մէջ կալանաւորուած նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն շարք մը ապօրինի մեղադրանքներ ներկայացուած են: Անոնք բոլորն ալ կալանաւորուած են չորս ամսով։

 

Լուրը՝ NEWS.am-էն