image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուի մէջ. Ատրպէյճանցի նախկին պատգամաւորը ձերբակալուած է

Պաքուի մէջ. Ատրպէյճանցի նախկին պատգամաւորը ձերբակալուած է

Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալած են նախկին պատգամաւոր Նազիմ Պէյտեմիրլին՝ բնապահպանական արշաւին աջակցելու համար:

«Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Նազիմ Պէյտեմիրլիի ձերբակալութիւնը դրամաշորթութեան կասկածանքով բացարձակ անհեթեթութիւն է: Կասկած չկայ, որ անոր ձերբակալած են Սոյուտլու գիւղին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու հետ կապուած սկզբունքային դիրքորոշման եւ, մասնաւորապէս, տեղի բնակիչներու պահանջներու հիմնաւորուածութեան մասին անոր յայտարարութիւններու պատճառով»,-Turan-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդի նախագահ Ճամիլ Հասանլին։

Գործարար, գիտնական-տնտեսագէտ, աշխուժ քաղաքացիական դիրքորոշում ունեցող Պէյտեմիրլին կտրուկ քննադատած Է Ատրպէյճանի մէջ կառավարման համակարգը՝ նշելով, որ ատոր ստեղծողը նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Ռամիզ Մեհթիեւն է:

«Այդ խնամաշահութեան, կաշառակերութեան եւ փտածութեան հիմքի այլանդակ համակարգ է։ Այս երեւոյթները կը շարունակուին եւ պիտի շարունակուին այնքան ժամանակ, քանի դեռ չկայ թափանցիկ համակարգ։ Ինչ ալ յայտարարէ Ներքին գործոց նախարարութիւնը, պարզ է, որ Պէյտեմիրլիի ձերբակալութիւնը կապուած է Սոյուտլուի ցոյցերու հետ»,-պնդած է Հասանլին։

Յիշեցնենք, որ գիւղին մէջ բողոքի ցոյցերը կապուած են Ալիեւներու խումբին պատկանող լեռնահանքային ձեռնարկութեան կից ջրամբարի կառուցման հետ: